ներկային մէջ քալելով ուշաբերիմք, ճշմարիտ հաւատարիմ եւ անձնադիր հարց ու հովուաց օրհնութիւնը միշտ ժառանգել, չապերախտիլ երբէք նոցա դէմը. այլ ըստ Պօղոսի խրատուն յարգել Եկեղեցւոյ ընտիր վաստակաւոր եւ տքնող մշակները, որոց թիւը միշտ օր ըստ օրէ պակասեցաւ. եւ Հայոց եկեղեցւոյ հունձերը անմշակ մնացին այսօր։ Երանի՜ թէ, աղաչող հաւատացեալ որդիքները չը պակսէին, որով թերեւս գթար Տէր ու լսէր նոցա աղաչանաց։
Այսչափ համառօտ յիշատակութիւնը հերիք է Եկեղեցւոյ հարց օրհնութեան համար. այժմ դառնամք նոյն ընտանեկան նահապետաց օրհնութեան վերայ, եւ աւարտեմք այս գլուխը, յորդորելով, որ ամէն ընտանեաց բարեկեցիկ զաւակները թէ բնական պարտեօք թէ Սուրբ Գրոց հոգետու խրատներով պարտաւոր են իրենց ծնողաց օրհնութիւն արժանապէս ժառանգել. հեռի եւ ի բաց մնալով այն ամէն ապերախտութենէ, որ ստահակ, անհնազանդ եւ անժառանգ որդիքները կը հատուցանեն իրենց ծնողաց. որոց կեանքն ու վախճան աշխարհիս վերայ դառն ու կարճատեւ է եւ ոչ երբէք երկայնակեաց կը լինին նորա երկրիս վերայ։
ԺԵ.
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿՏԱԿ
ՅԻՇԱՏԱԿ
Ընտանեկան կենաց մէջ ծերունի Նահապետք իրենց վերջի օրհնութենէն յետոյ՝ վերջին անհրաժեշտ պարտք մի եւս ունին, այն է կտակը, կեանք եւ յիշատակ, եւ կապրին նոքա հազարաւոր տարի, եւ նոյնիսկ գերեզմանին մէջ։
Կտակը տիրապէս կը նշանակէ այն սուրբ աւանդ եւ յանձնարարութիւնը, զոր մարդ իւր կենդանութեանը ուրիշ կտակա-