Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գրիչ, ոչ մելան, դու տես թէ ո՞ւր պիտի խօսեմ դասերս: Տան մէջ, ախոռին մէջ, դաշտին մէջ, լեռներու վերայ, աղբիւրներու գլուխ, գութանին ժամանակ թէ մաճ կը բռնեմ թէ դասերս կը խօսիմ, դու լծան վրայէն ականջ անելով դասերուս լսէ, եւ ձէնովդ լծկաններ խրախուսէ: Բացուած ակօսներուն պէս, ես էլ քո միտք պիտի հերկեմ ու բանամ: Սերմանացանի ժամանակ վա՜շ. ի՞նչ սիրուն է. մի կողմէն ցորենի հատկիներ եւ միւս կողմէն գասերս մտքիդ մէջ պիտի ցանեմ: Հունձքի ժամանակ երբ սարակներ դէպի հովի տակ նստած մանգաղներ կը սրեն, ես էլ կը նստեմ քո դաս կը խօսեմ եւ կը սրեմ քո գուլ միտք, Կալատեղն էլ ի՛նչ յարմար դասարան է. երբ դու կամնասայլին վերայ կը կենաս, ես քառէջտ ձեռքս կը շրջեմ կալին բոլոր, մի կողմէն օրան կը դարձնեմ եւ օրանիս հետ դասերս կը խառնեմ եւ կասելով ցորեն յարդէն կը ջոկեմ, դու լիք ու պահէ զայն մտքիդ շտեմարանին մէջ։

Ես այժմ պիտի սկսեմ հողագործութեան բնական եւ դիւրին դասերը տալ քեզ, որ չափ լսած եմ եւ որչափ փորձառութեամբ սորված եմ: Խելացի Թոռնիկ, բոլոր ուշքդ ինձի դարձուր. լաւ ըմբռնէ դասերս եւ ամփոփէ մտքիդ մէջ։ Ժամանակ հասած էջ եթէ Պապիկդ մեռնի, գոնէ իմ դասերս եւ խրատներս քեզ ժառանգութիւն կը մնան. եւ գիտե՞ս դու թէ ամէն բանէն աւելի թանկագին է այս ժառանգութիւն։ Ո՞վ գիտէ դու եւս օր մի ծերանաս, ինծի նման Պապիկ դառնաս ինչ որ այսօր ինձմէ կուսանիս, զայն քո թոռնիկին կաւանդես։ Բայց նայէ որ Պապկի սակաւամասն այս դասերը բաւական չը համարես, այլ պէտք է ճարտար եւ հնարամիտ լինիս, ինքնաշխատութեամբ նոր անոր բաներ սորվես, ժամանակ միշտ յառաջ կը վարէ զմարդիկ, դու էլ պէտք է յառաջ երթաս, պէտք է գիտնաս որ ետ մնացող, հացի կարօտ կը լինի: Երկիրն է որ մեզ հաց եւ ուրիշ բարիքներ կուտայ, ով որ գործէ զերկիրն այսինքն վարուցան անելով աշխատի, իւր տուն հացով ու բարութեամբ կը լեցուի, իսկ այն որ գութանի մաճն ձեռքէն կը թողու, ծուլութեան ու դատարկութեան մէջ կը շրջի, նորա տուն չքաւորութեամբ կը դատարկանայ, տաշտէն հաց կը պակսի եւ ամանէն իւղ, աղքատութիւն արագոտն սուրհանդակի պէս իւր վերայ հասնի, ինչպէս կը խօսի առակն: Եւ այս ամէն ընդարձակ կերպով պիտի խօսիմ քեզ: Լո՛ւր ուրեմն, թոռնիկ, Պապկի դասերուն եւ բարի խրատ-