Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/28

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դուռն միշտ հիւրերն անպակաս եւ ես այժմ մեր տան ծերունի նահապետն եմ, թէ մեռնիմ դու պիտի յաջորդես իմ տեզս։

Այժմ դու, սիրելի Թոռնիկ, միակ ժառանգն ես մեր տան եւ օճախին, դեռ լի մեռած, քեզ շատ բարի եւ օգտակար դասեր եւ խրատներ պիտի տամ։ Գիտե՞ս ես բաւական կարդալ գրել սորված եմ, հասակաւոր ժամանակս՝ ի Վարագայ վանքն, ուր երկար ժամանակ մաճկալութիւն արած եմ։ Վերջի ժամանակ երբ այն տեղ երկրագործութեան դասեր կը խօսուէր, ես շատ ուշադրութեամբ մտիկ կանէի, ձմերան պարապ ժամանակ ես միշտ սորվելու կաշխատէի։

Իսկ ամրան բանի ժամանակ աւելի կը սորվէի գործնական փորձառութեան մէջ. վասն զի Հայրիկ ոչ միայն վանահայր էր Վարագայ վանքին, եւ առանձին դպրոցի պարտէզ կը մշակէր. այլ աւելի դաշտի մշակ էր, զի գիտէր վանական բազմաթիւ ընտանիք եւ դպրոցի աշակերտներ հա՜ց կուզեն հա՜ց։ Սորա համար ինքն շատ կը սիրէր հողագործական աշխատութիւնը միշտ մտածմունքն այն էր, որ հին մշակութեան տաժանելի աշխատութիւններ դիւրացնէ, թէ մարդոց հանգիստ լինի թէ խեղճ անասնոց, եւ թէ հողն աւելի խնամքով մշակելով արդիւնաբեր լինի։ Ուստի մտածելով երբեմն հնարամիտ կերպեր եւ միջոցներ ի գործ կը գնէր. իւր միակ նպատակն էր երկրագործութեան արուեստն գոնէ փոքր ի շատէ յառաջ տանել ու բարլոքել, որպէսզի հողագործութեան շահաբերութեամբ կառավարուի վանքն ու վարժարան։ Վասն զի Վարագայ վանքն բաց իւր հողային կալուածներէն ուրիշ մշտական վարձք բերող կալուածներ չունի։

Այստեղ պէտք է խոստովանիմ, Թոռնիկ, որ ես Վարագայ վանուց մշակութեան մաճկալ լինելով, Հայրիկի փորձառական կերպերէն շատ բան սորվեցայ, եւ այժմ այդ սորված բաներս իբրեւ վարժապետ պէտք է գլուխ գլուխ դաս տալով աւանդեմ քեզ, ուշադրութեամբ մտիկ արա դասերս, վասն զի մեզ համար շատ կարեւոր է. որովհետեւ մեք գիւղացի եմք, մեր ապրուստ եւ կեանք միայն հողագործութեան վաստակն է։ Եւ ի՞նչ աւելի արդար, ազատ եւ անխարդախ վաստակ կայ աշխարհիս վերայ քան հողագործութիւն։

Խելացի եւ ուշիմ Թոռնիկ, այժմ պիտի սկսէ Պապիկ իւր դասերն. ոչ վարժատուն պէտք է, ոչ գրասեղան, ոչ թուղթ, ոչ