Մեր հին ընտանեկան կեանքին սաստիկ պատկառանք եւ ամօթխածութիւնը, որ կնոջ գլուխ եւ երեսը թանձր քօղով կծածկէր ու կը փակէր զայն տան ու վրանին տակը, եւ նորա հարսն պարտաւոր էր եօթնամեայ լռութիւնը պահել իբրեւ պահք, անշուշտ նոր աշխարհին առաջ շատ պարսաւելի վարմունք է:
Իսկ հին աշխարհը, որու Նահապետները դեռ մեր հայրենեաց մէջ շատ կան, նոքա դատելով կը դատեն աշխարհի ընտանեկան կեանքին ծայրայեղ ազատութիւնը, որ իսպառ կը բառնայ պատկառանաց քօղն ու շուքը, կինն ազատ կը թողու ընկերական հրապարակին մէջ, որ նա նոյն իսկ իւր հարսանեաց օրը լեզուն բանալ, խօսի, պարէ, իբրեւ հարսնեւոր զուարճանալ եւ նոցա հետը խնճուից սեղանին վրայ հրճուի եւ մերթ եւս ծիծաղ արձակէ, որովհետեւ ըստ Պղատոնի սահմանին՝ միթէ կինն եւս ծիծաղական մարդ չէ՞։
Ուղղապէս դատելով, երկու աշխարհի ծայրայեղ վարմունքն եւս չափազանցութիւն կը համարուին ուղիղ բանաւորութեան եւ բարուական օրինաց առաջը։ Ափսո՛ս, որ այս աշխարհիս մէջ միջին եւ ուղիղ ճանապարհով քալել դժուարագոյն է։ Մարդիկ սովորած են չափազանցել եւ իրենց կիրքերէն վարուելով կը խոտորին միշտ յաջ կամ յահեակ, միջասահման ուղիղ ճամբուն վերայ խիստ սակաւ մարդիկ կը լաջողին որ համեստ ընտանեկան կեանքի ուղղութիւնը պահելով չեն խոտորիր, հետեւելով միշտ բարոյական օրինաց եւ բնական խղճին դիտակցութեան, որք լոյս են եւ միշտ մարդը դէպ ի լոյս եւ ուղղութիւն կառաջնորդեն։
Շողունք հին եւ նոր աշխարհի ծայրայեղութեան մասերը՝ ստոյգ խոստովանելով, որ ամօթու զգացումն ու պատկառանքը մարդուն ընտանեկան կեանքին սեպհական վայելուչ զարդն ու պատիւն է։ Այն ընտանիքը, որ այս չքնաղ զարդը ամենայն համեստութեամբ հագած է, միշտ պատկառելի կը հանդիսանալ երկնից եւ աշխարհի մէջ։
Ընտանեկան պատկառանք նախ պէտք է ամենայն մեծարանօք յարգուի ու պահուի նոյն ընտանեկան շրջանին մէջ, ուր ծերունի նահապետ եւ մայր տիկին բարձրաթոռ կը բազմին, որոց պարտաւոր են շուք դնել ու պատկառիլ բոլոր զաւակներ, հարսներ, թոռներ եւ ուրիշ այլ ամէն ընտանեկան պարագայք։
Գիտնալ արժան է նաեւ որ պատկառանքը միայն փոքրե-