րուն պարտիք չէ, այլ եւ նոյն իսկ մեծերն պարտաւոր են զգուշաւոր պատկառանօք վարիլ փոքրերուն հետը։ Վասն զի մեծերն երբ պատկառանքն ի բաց թողուն, այնուհետեւ ի զուր է պահանջել, որ փոքրերը ամաչեն։ Եւ եթէ ջանան մեծերն ուղղել զանոնք, նոքա քաջ գիտեն դարձեալ Խեչափառին առակը յառաջ բերել, ցոյց տալով թէ մեծերն իրաւունք չունին յանդիմանալու, քանի որ իրենց միակողմանի քայլերով փոքրերուն օրինակ կուտան. տղայոց ներկայութիւնը բանի տեղ չի դնելով անզգոյշ կը շարժին, անպատկառ կը խօսին, ծուռ կը քալեն, եւ զարմանալին այն է որ մերթ եւս կը զայրանան իսկ, եթէ փոքրերը իրենց նման շարժեն ու քալեն:
Յիրաւի՛ ընտանեվարոլթեան մէջ եթէ մասնաւորապէս թուենք՝ շատ անպատշաճ շարժմունքները կը լինին. բայց ամենէն աւելի տպաւորիչ եւ թունաւորիչ է անպատկառ վարմունք անմեղ տղայոց առաջ։ Նոքա խիստ արագապէս կընդօրինակեն զայն. թող յոռի ու չար լինի, ոչ ինչ փոյթ չէ, զի նոքա միամիտ են ու տեսնալով կը հաւատան թէ ինչ որ մեծերը գործեն՝ բարի ու անվնաս է։
Այր մարդիկ, որ առաւել ազատ վարմունք ունին թէ ընտանեկան յարկին տակը, եւ թէ արտաքոյ ընկերութեան մէջ, նոքա պատկառանաց ամօթը աւելի կանանց սեռին կը վերածեն. որոյ շատ օրինակները կը տեսնամք նահապետական կենաց մէջ, Աբրահամու վրանի տակ ուր երբ երեք հրեշտակները հիւր կուգան, Սարա որ պառաւ եւ մեծ տիկին էր Նահապետի տան՝ կը պատկառի տեսնուիլ հիւրերուն հետը. այլ յետուստ խորանին պահուելով ականջ կը դնէ երբ հրեշտակներ կը խօսէին աւետիս տալով հանդերձեալ զաւակին համար։ Նոյնպէս եւ Ռեբեկայ մինչ բացերես ուղտին վերայ նստած Խառանու երկրէն դէպ Աբրահամու տուն կուգար, յանկարծ կը տեսնար Իսահակ փեսայացուն իւր, որ ի զբօսանս ելած էր ի դաշտ. իսկոյն ուղտէն վար իջնելով կը քօղաւորէ երեսը, պատիւ եւ շուք տալով իւր նորատես ամուսնոյն։
Այս պատկառանաց հին քօղ գրեթէ չորս հազար տարիէն ի վեր դեռ մեծ խնամով կը պահեն մեր հայ հարսները. այն ինչ գաղթական Հայոց ընտանեկան կեանքին նոր ազատութիւնը զայն վերցնել կը ջանայ. ինչպէս ուրիշ շատ պատկառանաց կեր¬