մի, որով կարենար նա կրկին դրամագլուխ կազմել եւ շարունակել իւր շահավաճառութիւնը. եւ միշտ անցեալը մտաբերելով խելաբերէր սակաւապէտ տնտեսութեամբ բարւոքէր իւր ընտանեկան կեանքը եւ այլ եւս չերթար իւր հին ճանապարհ, որոյ վախճանը վաճառել կուտայ իրեն հայրենի տուն եւ ժառանգական ստացուածքը եւ ինքն կը մնայ անվարկ անպատիւ եւ այնուհետեւ կամայ ակամայ կը խոնարհի սակաւապետ տնտեսութեան վարդապետին առաջ, եւ կբուսանի խնայութեան պարկեշտութեան պարզութեան, աշխատութեան եւ ապագային հեռատեսութեան դասերը։ Եւ դարձեալ կրկնեմ. երանի՜ թէ մի անգամ եւ երկիցս խրատուելով եւ փորձուելով, չմոռնար այդ օգտակար դասերը՝ որ մարդոյն կենաց ապահովութիւնն է։
Դառնանք այժմ ընտանեկան ցանկութեան միւս ճիւղ բացատրենք աստ, որ քան զամէն ժանտաբեր ու աւերիչ է, մահ կը բերէ իրեն եւ տարածելով կը թունաւորէ ազգին ամբողջ ընտանհքը, որ հարստութեան հետը՝ կեանքն եւս կը բառնայ եւ կը ջնջէ մարդոյն արժանաւորութեան պատիւ, հանելով ու զրկելով զիրենք ընտանեկան պարկեշտ դասէն։ Այնուհետեւ նոցա բաժին այն է, որ առակ ու նշաւակ լինին մարդոց աչքին ու դատաստանին առաջ։ Եւ ի՜նչ է այս մոլեգոյն ցանկութեան անուն եւ վարք. մէկ բառով խօսիմ, անառակութիւնն է. մեր հրաշամիտ թարգմանիչները Աւետարանի ճառած անառակ որդւոն կեանքը՝ երկու բառով բովանդակած են «Զի կեայր անառակութեամբ». որ կը նշանակէ մոլորական մարդոյն զեղի կեանք իւր աենաց հանգամանօքն, զոր կը վարէր անառակ որդին իւր կենաց մէջ։ Մարդոց մոլորութեան եւ անառակ վարով ասպարէզը շատ բազմաճղխ եւ ընդարձակ է որոց նկարագիր Աւնտարաս կը հանէ մեր առաջ ջրհեղեղեան գարուն մարդոց ապականեալ կեանքը, որոց համար կը խօսի. «Ուտէին, ըմպէին, կանայս առնէին եւ արանց լինէին»։ Հաց ուտել մեր