Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/303

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նեըր լացուցիք. ընտանեկան պատիւ, մարդկութեան պատիւ արհամարհեցիք. դարձէ՜ք ու դարձեալ դո՜ւք շինեցէք ձեր քակած տան աւերակներն. եթէ տակաւին յամէք ու յամառիք այդ ճանապարհին վերայ, անշուշտ ի կորուստ կը տանի զձեզ եւ դուք վատահամբաւ ու սովամահ կը կորնչիք, եւ ի վերջոյ ձեր եւ ձեր հայրենի տան յիշատակ կը բարձուի աշխարհէս. գերեզման միայն կը թողուք առանց անուան եւ փառաց։

Թողունք այժմ ընտանեկան կենաց այս մոլութեան նկարագիրը, որ շատ ընդարձակ է. յառաջ բերենք նաեւ նոր սովորական մոլութեան այն մասն, որ շատ ընտանիք յաջողութենէ եւ հարստութենէ հանելով՝ հողի վերայ նստեցուց. եւ ի՞նչ է դորա անունը, խաղամոլութիւն է։

Լումայափոխ կամ տնտեսագէտ չեմ ես. դժուարին է ինձ այդ մոլութեան նկարագիրն ըստ արժանւոյն երեւան հանել. միայն այսքան ըմբռնած եմ, որ այդ մոլութիւնը՝ բախտին երեւակայաթեամբ մոլորոլած մարդիկը, երկու կերպով ի գործ կը դնեն, որ երկուքն եւս միապէս կորստական է։ Մի կերպն է գրամով թղթախաղութիւնը, որոյ ծածուկ հրապարակը բուն ընտանեկան կեանքին ու ծոցին մէջն է. միւսն է Մայրաքաղաքիս արժեթղթոց հրապարակը, որ այսօր գրեթէ բազմաթիւ մարդկանց Համար իբր յաջողակ շահավառութիւն մի դարձած է. որով շատ ընտանիք գահավիժեց ան այդ խոր ու անտակ գետին մէջ։ Եզովբոսին խորհրդաւոր առակը՝ նոցա վերայ կատարուեցաւ. արհեստաւոր, վաճառական, իրենց բերնին հացը այսինքն փոքրիկ ու չափաւոր դրամագլուխ եւ ապահով վաստակը թողլով հոն վազեցին. անըմբռնելի ստուերին հետը խաղացին. իրենց չնչին ու ցամաքաջուր առուակներով՝ մեծամեծ գետերուն հետ մրցեցան. եւ ի՞նչ շահեցան ի վերջոյ, ոչինչ, առուակներ ու վտակներ դարձեալ առատ գետերուն մէջ թափուեցան. գետերն եւս աշխարհի գանձապետ Մեծին Անգղիոյ ծովացեալ գանձուց հետ խառնուեցան։ Իսկ մեր փոքրիկ վտակներուն վիճակը ակներեւ տեսանք թէ ինչ եղաւ ու տակաւին կը տեսնամք թէ ինչ կը լինի: Կը ցաւիմ գրել. ոմանք թշուառացան իրենց ընտանիքներով ու ոմանք եւս կատաղի յուսահատութեամբ գնացին դէպի ծով. ասացին, որ զիրենք ծածկէ. որպէս զի մեռնին ու չզգան պատուոյ եւ ամօթոյ կսկիծն եւ չտեսնան իրենց թշուառ ընտանեաց անբախտ վիճակը։