Իսկ առ տնին խաղամոլութիւնն, որ շատ ընտանեաց համար իբրեւ միակ զբօսանք դարձած է, զբաղելով միայն շնչին եւ աննշան գումարներով. սակայն ոմանց եւս իբրեւ բախտի խաղ, որ մեծամեծ գումարներով կը մրցին՝ անբաժանելի մոլութիւն դարձած է. երկուքն եւս իրենց խիստ վնասակար հետեւանքներ եւ վատթար կողմեր ունին. եւ դարձեալ թէ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս շատ աղետաբեր են ընտանեկան կեանքին։ Վասն զի ոմանք կը կորուսանենք ուրիշները կը գտնեն. նոքա, որ կը կորուսանեն, յայտնի է թէ որ աստիճան մեղապարտ են աշխարհի առաջ. նոյն իսկ ընտանեկան կենաց մէջ, մօր ու զաւակաց առաջ, սեղանին հաց, ինչ ու ստացուածք բառնալ եւ ինքնին ձեռօք կողոպուտ տալ ուրիշին. որ քան զայս աւելի ընտանեկան աւարառութիւն չի կայ։ Քաղաքակրթութեան մէջ այլ եւս ո՜վ կարող է մեղադրել ամայի լեռներու աւաղակաց գործը, որ միայն դիպուած է ճամբորդին համար ել շատ անգամ գոհ կը լինին եւ գտած միայն կառնեն, առանց ամբողջ տունը եւ ընտանիքը կողոպտելու:
Իսկ այն, որ լի ուրախութեամբ կը խայտայ իւր բախտին խաղով, միթէ նա եւ իւր ընտանիքը կը վայելե՞ն այդ անարդար եւ անքիրտն վաստակը, ոչ. նոքա ինչպէս կը գտնեն, նոյնպէս վաղ եւ դիւրաւ կը կորուսանեն դարձեալ, թէ խաղին մէջ եւ թէ այլ եւ այլ անհաշիւ զեղխութեանց մէջ, վասն զի շատ դժուարին է հաւատալ թէ աշխարհիս խաղամոլները տնտեսութիւն դիտեն. կամ թէ կարող են հաշուով եւ խնայութեամբ ապրիլ, այդ շատ անբնական է. զի ով որ դիւրութեամբ շահի, դիւրութեամբ կը մսխէ. եւ ով որ դառնաքիրտ աշխատութեամբ հաց եւ հարստութիւն ձեռք բերէ, նա միայն կը հոգայ տնտեսութեամբ ապրիլ, տնտեսութեամբ կառավարել իւր ընտանիքը։
Յիշենք այժմ նաեւ բարոյական կողմի մեծ անպատութիւնն, զոր կե կրէ խաղամոլն։ Չեմ գիտեր, նա ամօթ կը զգա՞յ, երբ նորա անունը վատահամբաւ կը հնչի, կը տարածի թէ այս ինչ պարոնը իւր խաղին մէջ այսքան գումար կորուսեր է. ի՞նչ կը լինի յայնժամ պարոնին վիճակը, պատիւ եւ վարկը կը կորուսանէ պարկեշտ ժողովուրդին առաջ, որով իւր առեւտրական գործերը եւ շահավաճառութիւն անյաջողութեան մէջ կը դադրի եւ երբեմն եւս իսպառ ի սնանկութիւն կերթայ։
Բարոյական ուրիշ մի մեծ վնաս եւս ասեմ քեզ, որ է ըն-