տանեկան կեանքի մէջ այդ չար օրինակով՝ ընտանեաց կեանքը եղծանել. զի ո՛վ կը հաւատայ. երբ ծնողք եւ ընտանեաց մեծերը թղթախաղով մոլին՝ խեղճ զաւակները չի հետեւին նոցա եւ իրենց մատաղ հասակէն սկսեալ չը վարժին այդ անմեղ կարծեցեալ մոլութեանց մէջ։ Թողունք այս, մայրեր եւ կիներն եւս այդ ախտով կախտանան եւ շատերն ախտացած են իսկ, թողլով առ տնին տնտեսութիւն, թողլով զաւակաց խնամք եւ կրթութիւն, թողլով ընթերցմունք եւ ուրիշ ծնողական պարտիքները։ Խաղամոլ մարդոց կեանքին մէջ, աւելի մեծ խանգարմունք մի եւս կայ, զոր նոքա թեթեւ եւ փոքր կը համարին, այսինքն թէ ժամանակի բարւոք տնտեսութիւնը նոցա համար չէ. նոքա ցերեկուան աշխատութեան զբաղմունք բաւական չեն համարիր. զողջոյն գիշերն եւս այդ հաճոյական խաղով կը զբաղին. նոքա չեն շնչեր ու չեն տեսնար ոչ առաւօտեան կենդանարար շունչ եւ ոչ արեւուն ծագումը, նոքա չարաչար գնահատութեամբ գիշերահանգիստ պահուն մէջ արթուն կենալով կը տանջուին, կորուսանելով մարմնոյ առողջութիւնը, հոգւոյ մտաւորական ուժը, որով կը ջլատի եւ կը թմրի ողջ մարդոյն գործունեայ ճարտարութիւնը։ Դու քաջ դիտէ եւ կը տեսնաս, որ այդ քնահատ պարոնները՝ ցերեկուան մէջ իբրեւ քնաշրջիկ եւ ապուշ կը դեգերին։ Քաղցր քուն եւ դժուարագիւտ ոսկին կուուսանելէն յետոյ՝ ցերեկուան շահն եւ վաստակն եւս կը կորուսանեն, որոց միայն կակնկալեն խեղճ ընտանիքը, զի այդ օրական շահերէն կը կազմուի իրենց ներկայ եւ ապագայ կեանքին պարէնը։
Համառօտենք, թէ եւ շատ են եւ զանազան մեր ընտանեկան կենաց ներքին եղծմունք եւ անկարգութիւնք որով մեր ընտանեկան վիճակը շարունակ փոփոխութեան ենթակայ է։ Մեր հարուստ եւ ազնուական գերդաստանները գրեթէ հարիւր տարուան շրջան չունին. այսօր ասուպի նման պահ մի կը փայլին, վաղը իրենց տոհմական փառքով կանցնին ու կը ըստուերանան։ Մեք գիտենք երկիր եւ երկրի օրէնքը չերաշխաւորէր որ նոքա տոհմային ճոխութեամբ յազգէ յազգ յարատեւեն Անգղիոյ Լորտերուն չափ. բայց պէտք է խոստովանիլ. որ մեր ազգի ազնուական ընտանիքը չափազանց ձեռնարկութեամբ, անհաշիւ տնտեսութեամբ եւ փառասիրական զեղխութեամբ իջեր խոնարհեր են։ Չեմ յիշեր թէ ոմանք եւս անարդար ճանապարհով ու