Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ա.

ԵՐԿԻՐ

Սիրելի Թոռնիկ, պէտք է Ադամայ մեր պապէն սկսիմ, Տէր Աստուած երբ մեր յանցաւոր նախահայր Ադամը դրախտէն դուրս հանեց, մի պատուէր տուաւ անոր, որ երկիր գործէ եւ պահէ, եւ թէ իւր երեսի քրտինքով իւր հաց ճարէ եւ ապրի։

Լաւ ի միտ առ, Թոռնիկ, որ այս մեր բնակած երկիրը կամ հողագունդը Տէր Աստուած մարդուն ժառանգութիւն եւ կամ իբրեւ դրամագլուխ տուած է. եւ գիտե՞ս թէ որչափ ընդարձակ, որչափ անսպառ եւ անհատնում է այս ամենառատ, ամենաճոխ երկրի բնական հարստութիւն։ Մտիկ արա, որ թուեմ քեզ. անծայր, անսահման ծովեր, անչափ լայնատարած ցամաք երկիրներ, որոց վերայ կը բնակին միլիոնաւոր մարդիկ եւ զանազան ազգեր, դաշտեր, լեռներ, հովիտներ, ձորեր, աղբիւրներ, գետեր, բիւրազդի բոյսեր, ծառեր եւ ծաղիկներ, ծովու ձկներ, ցամաքի վայրի եւ ընտանի անասուններ, եւ թռչնոց երամներ եւ այլ շատ բաներ Տէր Աստուած մարդոյն համար ստեղծեր է. եւ մարդոց տուած է, որ մարդիկ ապրին երկրի վերայ, մարդիկ վայելեն այդ բարիքներ եւ օրհնեն ստեղծողին եւ տուողին անունը։ Ուստի մարդիկ պէտք է գործեն զերկիր, զի երկիրն է իրենց կեանք պահող։

Բայց դու կը տեսնա՞ս Թոռնիկ, թէ մարդիկ ի՞նչպէս կաշխատեն երկրի վերայ, գիւղացին իւր հողագործութեան մէջ վարած արտին ակօսներ իւր քրտինքով կը թրջէ, քաղաքացին իւր արհեստով դարձեալ նոյն քրտինքը կը թափէ։ Դու տեսե՞ր ես դարբնին թափած քրտինքը, որ բորբոքուած հնոցին դիմաց կերած կիսամերկ, ահագին եռանդով երկաթ կը ծեծէ, եւ մեր գութանին համար խոփ կը պատրաստէ։ Վաճառական՝ ծովու եւ ցամաքի վերայ ճամբորդելով, աշխարհէ աշխարհ կերթայ, կը տառապի եւ նոյն քրտինք կը թափէ։ Նոյն իսկ աշխարհիս վարիչներ քրտինք թափելով կը վարեն զաշխարհ. Թագաւորէն սկսեալ մինչեւ յետին պաշտօնեայն նոյն քրտինքն ունին, զի վարիչ եւ կառավարող միտքն եւս իւր քրտինքն ունի, ամենայն հոգեմաշութնամբ նորա քունը վրդոված է, մինչ հնձող մշակը