Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/317

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ղաքային անհաստատ օրէնքներ, զորս միոյն մատ կը գրէ եւ միւսին կեղծանէ։

Բնական օրէնքով կը դառնայ արեւը, կը ծագի առաւօտ, լոյս կուտայ տիեզերաց, յերեկուն ի մայր կը մտնէ։ Արեւը մեր կեանքին եւ ժամանակին չափն ու կշիռն է. կորոշէ մեր օրեր, տարին ու դարեր։ Թո՛ղ այս՝ իւր լուսով ու ջերմութեամբ կը կենդանացնէ մեր աշխարհ, մարդիկ նորա լուսոյն տակ կը գործեն, եթէ անլոյս մնան՝ կը դադարին։ «Ելանէ մարդ ի գործս իւր, ի վաստակս ձեռաց իւրոց մինչեւ յերեկոյ»։ Աստի կիմանանք թէ բնական աշխարհին լոյս պէտք է, որ մարդիկ գործեն. քանի՞ առաւել պէտք է լոյս մարդոյն մտաւորական աշխարհին, որ կարենան ուղղութեամբ գործել։

Բնական օրէնքով գիշերավար լուսին մերթ կը նուաղի եւ մերթ կը լրանայ, կը մեռնի եւ դարձեալ կը ծնի, իւր շրջանն երեսուն օր է. եւ այս թուով կը չափէ ամիսը, եւ տասներկու ամիաով՝ մի տարին կը բոլորէ։ Երկնակամարին այս երկու մեծ լուսաւորներ մեզ նման բանաւոր մարդ չեն, բայց բնական օրէնքով գիտեն կատարել Աստուծոյ կամք, ինչպէս սաղմոսելով Արարչին մեծագործութիւնը կը հռշակէ Դաւիթ. «Արարեր զլուսին վասն ժամանակի, արեգակն ծանեալ զժամ մտանելոյ իւրոյ»։

Աստեղագէտ չեմ, որ երկնից բովանդակ համաստեղութեանց վերայ ճառեմ եւ ծանօթութիւն տամ քեզ, թէ ո՞րպէս տիեզերքի անհուն տարածութեան մէջ կը շարժին կը դառնան, մերթ կերեւին մերթ կաներեւութանան, եւ այս ամէն անսայթաք ընթացքը բնական օրէնքով կը կատարեն եւ երբէք զիրար չեն դիմահարեր։ Դու կը տեսնա՞ս մարդիկ աշխարհիս վերայ կը շրջին, շատ անգամ իրենց գլուխը իրարու զարնելով կը պատռեն։ Երանի՜ թէ մարդոց գլուխներն եւս ճանչնային իւրաքանչիւր իրենց սահմանն ու շրջան։

Դառնանք երկրիս վերայ։ Մեծն Ովկիանոս երբեմն իւր ահեղ ալիքներով կուռի կը լեռնանայ եւ դարձեալ դաշտանալով իւր տեղը կը խաղաղի, այդ եւս բնական օրէնքով է, զի ծովերու ամենիշխան Տէր՝ մանր աւազանով պարիսպ քաշեր է ու մռնչող ալիքներուն դէմ սահման գրեր է, որ անդր չանցնին ու կողողեն երկիրը։ Երանի՞ թէ այդպէս մի սահման եւս մարդոյն համար դնէր գերիշխան Տէր, եւ իւր մէջ փակէր աշխարհակալութեան ոգին. որպէսզի արեան ծովերով չողողէր խեղճ ժողովուրդը։