Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/316

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ընդունիս։ Թէ իբրեւ հաւատացեալ բոլոր սրտով պաշտէ քո Տէր Աստուած, թէ իբրեւ աշխարհի մարդ քաղաքավարութեամբ առաքինացիր, թէ իբրեւ ազատ մարդ մի ստրկանար, այլ պաշտպանէ մարդկութեան պատիւ, թէ իբրեւ իշխանճ օրէնքով իշխէ, արդարութիւն եւ իրաւունք սիրէ, թէ իբրեւ հպատակ՝ օրէնքով հնազանդիր, թէ իբրեւ եկեղեցւոյ հովիւ հօտիդ վերայ անձնադիր եղիր. թէ իբրեւ գառն՝ արածող հովուին հետեւիր. թէ իբրեւ ընկերական մարդ՝ ընկերական պարտիքներ սիրով կատարէ եւ միանգամայն ճանչցիր իրաւունքդ. թէ իբրեւ հայ եւ հայու զաւակ՝ ազգդ սիրէ. թէ իբրեւ Աւետարանին ընդհանուր մարդասիրութեան աշակերտ՝ ամէն մարդ անխտրապէս սիրէ։

Մի բան եւս պատուէր տամ քեզ, միշտ յուշիդ պահէ Պօղոսին խրատ, ուր եւ կը լինիս, թէ հայրենեաց եւ թէ օտար աշխարհի մէջ անդրդուելի կաց կոչմանդ վերայ, կարճմտութեամբ կրօնէ ի կրօն մի՜ փոխուիր։ Հայոց աշխարհի զաւակն ես, Հայաստանեայց ազատ եկեղեցւոյ ազատ որդեգիրն ես, ի նոյն կաց եւ ի նոյն մեռիր, թող հայ ժողովուրդ տանի թաղէ զքեզ քո հարց ու նախնեաց գերեզմանին ծոցը։


ԴԱՍ Բ.

ՏԻԵԶԵՐՔ

ԲՆԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ

Արարեր զլուսին վասն Ժամանակի, արեգակն ծանեաւ
զժամ մտանէլոյ իւրոյ. Սաղմոս ՃԴ. 19:

ՍՐԱՏԵՍ ես, որդեակ իմ Սամուէլ, աչքդ բաց նայէ տիեզերքին վերայ, դարձիր դու խորապէս մտաքնին եղիր, զի տէր Աստուած իւր պետական աթոռը երկնից մէջ դնելով՝ բոլոր տիեզերքը՝ բնական եւ յաւիտենական օրէնքով կը կառավարէ. իւր օրէնքներն անշարժ եւ անփոփոխ են եւ ոչ ոք կարող է զայն շրջել կամ խախտել. ինչպէս աշխարհիս դրական եւ քա-