Այսպէս եւս ամէն շնչաւոր կենդանիք Նոյն բնական օրէնքով կը վարին. տես դու, ճնճղուկ իւր բոյն ծառի ճղի վերայ կը դնէ. տնասէր ծիծառն իւր կաւակերտ բունիկ տան գերանի կողէն կը կախէ, ընտանի հաւն ի թուխս կը նստի, ամէնքն եւս իրենց ժամանակին ձագեր կը հանեն. կաթ տալով կը սնուցանեն եւ երբ մեծնան թեւաբոյս լինին՝ ազատ կը թողուն։
Այն հզօր առիւծ՝ որ բոլոր կենդանեաց իշխող թագաւորն է, իւր պալատ անտառներու խորերն են, ուր եւ կը ծնի կորիւնները. որք երբեմն առ քաղցի կաղաղակեն, գուցէ Դաւիթ իւր հովւութեան մէջ տեսաւ ու լսեց նոցա մռնչիւն, ուստի կասէ. «Կորիւնք առիւծոց մռնչեն եւ յափշտակեն, խնդրեն յԱստուծոյ զկերակուրս իւրեանց։ Ի ծագել արեւու ժողովին եւ ի մորիս իւրեանց դադարին»։
Կհուզե՞ս բնութեան Արարչին մեծագործ կարգադրութեան վերայ սքանչանալ, զոր նա կը գործէ բնական օրինաց ձեռքով, հիացեալ ոգւով կարդա հարիւր երեք գլուխ Սաղմոսն, որ այսպէս կսկսի, «Օրհնեա՛ անձն իմ զՏէր, Տէր Աստուած իմ, մեծ եղեր յոյժ, եւ այլն»։ Այս գլուխ ծայրէ ի ծայր վսեմագոյն նկարագիր մի է բնական օրինաց, զոր կը հանէ Դաւիթ օրհնելով ու փառաւորելով զմեծագործն Աստուած։
Իսկ բանաւոր եւ ազատ մարդ, որ իւր խելքով ու հանճարով կիշխէ երկրիս վերայ եւ մերթ եւս տարերաց դէմ կը մրցի, կը մեծամտի, որ հողմեր, ամպեր, ծովեր, ալիքներ, եղանակն ու ժամանակ անսան ու հնազանդին իրեն։ Բայց նա եւս բնական օրինաց իշխանութեան տակ նուաճուած է. կը ծնի, կաթով ու հացով կապրի, կաճի ու կը զարգանայ. հուսկ յետոյ կը ծերանայ եւ կը մեռնի, հողէն ի մարդ, եւ մարդէն ի հող կը դառնայ անդրէն. ուստի տիրական մարդն եւս բնական օրինաց հպատակ ծառայն է։ Միայն թէ մարդն ազատակամ է, իւր կեանք եւ գործեր վարելու համար։ Միթէ առիւծն եւս ազատ չէ՞ անտառավայրին մէջ շրջել եւ իւր որսեր հոգալ։ Արծիւն ազատ չէ՞ օդային թագաւորութեանց մէջ ազատաբար սաւառնել. եւ իւր գահը դնել բարձրագագաթ լեռներու վերայ։
Բաւ է այսքան, որդեակ իմ, ես բնախօս չեմ, որ բնական օրինաց գիտութիւնն ընդարձակ հմտապէս ճառեմ քեզ. այժմ սկսիմ համառօտել քեզ բարոյական օրէնք, որ միայն բանաւոր մարդոյն կը վերաբերի։