Ինչպէս բնական օրինաց, նոյնպէս եւ բարոյական կամ գրաւոր օրինաց աղբիւրը նոյն յաւիտենական իմաստութիւնն է, եւ ինձ այնպէս կը թուի երբ տէր Աստուած նախամարդն ստեղծեց՝ նորա սրտին եւ ոգւոյն մէջ դրոշմեց մի միայն խղճի այս օրէնքը. «Զամենայն զոր ինչ կամիցիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս արարէք եւ դուք նոցա»։ Այս գերագոյն ու կատարեալ օրէնք մարդոյն համար շատ բնական ու բաւական էր, եթէ մարդն անեղծ պահէր զայն ու չի զեղծանէր։ Ադամէն սկսեալ մինչեւ ի Մովսէս բոլոր նահապետներ զարմերով զաւակներով հանդերձ այս օրէնքով վարուեցան, որք առ հասարակ արդար հանդիսացան աշխարհի եւ Աստուծոյ առաջ:
Իսկ այն ազգ եւ ժողովուրդ, որ սոյն խղճի օրինաց գիրը քերեցին իրենց սրտէն, ապականելով ապականեցան ու եղծաւ մարդկութեան պատիւը: Սորա համար Տէր Աստուած մի անգամ ջրհեղեղով լուաց երկրին երեսը, ողողեց ամբարիշտ մարդոց մեղքերը, միայն արդար նահապետ մի թողաց իբրեւ արմատ նոր սերնդեան:
Գերագոյն օրէնսդիր Աստուած, որ զօրհանապաղ մոլորեայ մարդոց ուղղութեան համար կը հոգայ. նա իւր ծառայն Մովսէս պատգամաւոր ընտրեց եւ նորա ձեռքով շատ բարոյական եւ գրաւոր օրէնքներ տուաւ իւր ընտրեալ ազգին։ Այս ընդարձակ եւ ընդհանուր օրէնքներէն կան, որ կրօնի պաշտաման կը վերաբերին, այսինքն քահանայական եւ ծիսական օրէնքներ. կան նաեւ որ մասնաւոր խրատներ եւ պատուէրներ են, որ սրտի փափկութեան եւ դրութեան կը վերաբերին, զոր օրինակ. կը պատուիրէ որ զգառն ի կաթն մօր չը մորթեն. չը դպին ճնճղուկի բունին՝ երբ նա ձագեր հաներ է, կամ գրաւ չառնել երկանի մի քարն, որ տան պիտանի գործիքն է, եւ այլն:
Իսկ հիմնական եւ բարոյական մեծ օրէնքներ Տասնաբանեայ պատուիրաններն են, որ բանաւոր մարդոց ընկերական կեանքին պարտուց եւ իրաւանց սահման կը դնեն. որք դարձեալ ամբողջ այս ամէն օրէնքներ խղճի օրինաց աղբիւրէն կը բղխին։
Մովսէս իւր օրէնքով իշխեց մինչեւ ի Քրիստոս, եկաւ փրկիչ Յիսուս, որ շնորհք եւ ճշմարտութիւն էր, նա եւս իւր Աւետարանի ձայնով ու տառով նոյն խղճի օրէնք կրկնեց. «Համենայն զոր ինչ կամիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ եւ այլն»։