է. անտի կը ծնի բռնութիւն եւ զրկանք, երբ զօրաւոր զտկարն միշտ նուաճելով կը յաղթահարէ եւ կը հարստահարի, անտի կը ծնի անյագ արծաթսիրութեան մոլեգին ախտ. անտի կը ծնի մեծամիտ տիրապետութեան ոգին, անտի կը ծնին այլ եւ այլ թշուառութիւններ, եւ կապականեն ընկերական կեանք։ Բայց ինչպէս ուրիշ դասերուդ մէջ բացատրած եմ թէ՝ ամէն լոյս իւր խաւարն ունի, ամէն գեղեցիկ իւր տգեղ մասն ունի, եւ ամէն առաքինութեան հետ՝ մոլութիւն համընթաց է, եւ առաքինութեան ծնունդ միշտ երկուորեակ է։ Երբ զբարին ծնի, չարն եւս անդէն գիտես թէ ի միասին ծնունդ կառնու, ինչպէս Եսաւ։ Եւ միթէ ծնողքն եւս չար ու բարի զաւակներ միեւնոյն արգանդին չե՞ն ծնիր։ Ուստի բնական օրինաց ուղիղ հետեւանքն է, որ անհաւասար կեանքէն անհաւասարութիւն ծնի։
Լիկուրգոս, Սպարտացի մեծ օրէնսդիր, ուզեց այդ բնական օրէնքին դէմ կռուիլ ու ջնջել զայն. օրէնքով ոսկին եւ արծաթ հալածեց իւր աշխարհին, որպէսզի ագահութեան ընչաքաղցութիւնը բառնայ հարուստներու սրտին. եւ հասարակաց սեղան հաստատելով օրինագրեր, որ աղքատ եւ հարուստ մի եւ նոյն սակաւապէտ սեղանին վրայ հաւասար ընկերութեամբ ուտեն զհաց։ Օրէնք դրաւ, որ հարուստներու հայրենի կալուածները երկրի ընդհանուր ժողովուրդին վերայ իբրել հաւասար ժառանգութիւն լարաբամին լինին։ Եւ այսպէս բոլոր Սպարտացի ժողովուրդ, իբրեւ մի ընտանիք եւ գերդաստան կազմելով՝ կը հաւատար այդ անբանալոբ օրէնսդիրն թէ՝ կարող եղել անհաւասարութեան օրէնքը իսպառ եղծել իւր աշխարհին։ Ուստի մտաբերեց երթալ ի Դելբիս պատգամ ընդունել թէ՝ արդեօք իւր օրէնքներ՝ դիցն առաջ հաճոյ եղեր ե՞ն, ու երբ իմացաւ թէ խիստ հաճելի թուեր են դիցն, անդ ինքնասով կամակար մեռաւ. որպէսզի իւր օրէնքը նուիրագործելով կենդանի պահի աշխարհին մէջ։
Երանի՝ թէ Լիկուրգոսի նման Անգղիոյ մայրերը նոր օրէնսդիր մի ծնէին, որ ելնէր Լորդերուն աշխարհագրաւ կալուածներ հաւասար բաժնէր մշակ ժողովուրդին վերայ, ինչպէս Լիկուրգոս, որ օր մի հնձոց ժամանակ՝ տեսնելով արտերուն մէջ հաւասարաբաժին ցորեն ի խուրձեր, ասաց. «Ահաւասիկ եղբարցս՝ հաւասար ժառանգութիւն». թերեւս կակնարկէր հանճարեղ օ—