Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/325

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յառաջդիմութեամբ չէր բարգաւաճեր, այլ կը չքանար իւր մտաւորական կարողութեան մէջ, եւ հոն կը մնար մարդ՝ ուր կան այժմ Ափրիկէի եւ Ամերիկայի հեռաւոր վայրենիները. որոց կեանքը անասնոց կեանքէն եւս վատթարագոյն է. իբրեւ մարդ ծնիլ, մարդ անուն կրել, եւ անասնաբար ապրիլ, բարին ու չար, լոյսն ու խաւար չորոշել։

Ծանիր ուրեմն, հանճարեղ որդեակ իմ, թէ մարդոյն Արարիչ մարդն ընկերական, բանաւոր եւ ազատակամ ստեղծեր է. նորա լեզուն եւ ոտքեր բնական օրէնքով չէ կապեր, որ չի խօսի եւ չի յառաջդիմէ, ինչպէս անասնոց սեռ, որ սկզբանէ անտի ուր որ են՝ անդ կան ու կը կենան։ Իսկ մարդոյն եւ ընկերական կեանքին մէջ մղիչ զօրութիւն մի կայ, որ ամէն կարգի եւ վիճակի մարդ կը մղէ եւ կը վարէ դէպի յառաջդիմութիւն. եւ այդ մղիչ ու շարժիչ զօրութիւնը՝ ուրիշ բան չէ, քան թէ իւրաքանչիւր մարդոց անհաւասարութեան վիճակ եւ կեանք։

Սորա համար բովանդակ մարդկային ընկերութիւնը մի զմիով ել եւ էջ առնելով՝ կը նկրտին եւ կը ձգտին եւ միշտ քան զնկերս առաւելուլ։

Թագաւոր կը ձգտի իւր գահն իւր աթոռակիցներէն բարձր դնել, եւ մերթ եւս աշխարհակալել։ Իշխանը կը ձգտի իւր իշխանակից ընկերէն յառաջ անցնիլ. զօրապետն կը ձգտի իւր զինակիցներէն աւելի յաղթանակ տանել, հարուստն կը ձգտի իւր հաւասարէն աւելի եւս հարստանալ, աղքատն կը ձգտի իւր թշուառութենէն ազատիր Բովանդակ ժողովուրդ կը ձգտի աշխարհիս հրապարակին վերայ մէն մի իւր ընկերէն անցնիլ, կամ հաւասար երթալ եւ կամ եթէ չկոյրէ առաւելուլ՝ գէթ յետս մնալով չնուազիլ։ Այնպէս նաեւ գիւտի հանճարներ գերազանցել կը մրցին, դրոց հեղինակները մատենագրելով կը մրցին։ Մամուլի ազատութեան խմբագիրներ ազատաբանելով կը մրցին, ճարտասաններ իրաւաբանելով կը մրցին. վարդապետներ ուսուցանելով եւ դաստիարակելով կը մրցին, ձեզ նման պատանիք յառաջդիմելով կը մրցին։

Արդ երբ ընկերական անհաւասարութենէն կը ծնին այսչափ յառաջդիմութեան մրցանակ տանողներ, խելամտութեամբ նկատել պէտք է որ մեր ընկերական անհաւասարութիւնն՝ իւր յոռի ծնունդներ եւս ունի։ Անտի կը ծնի նախանձ ու մախանք, որոյ ապացոյց եւ օրինակ Յովսէփայ ծաղկեայ պատմուճանն