այլ միշտ ջանալ որոշել իշխանութեան շահն եւ այնպէս վարիլ, կամ անգիտութեամբ եւ խորամանկութեամբ։
Իշխանութիւն կեղծանի իւր վարչութեան մէջ, երբ անընտրող կը լինի, արժանաւորին եւ անարժանին յարդ մի կշռով կը չափէ. մերթ եւս պատիւ եւ բարձ կընծայէ նմա, որ երկրին շինութեան հիման մի քար չէ գրեր. կը թողու լաւն ու կարող, եւ ժողովուրդին կառավար կը դնէ այնպիսիներ, որոր միտքը թափուեր է կառավարութեան ուսմունքէն եւ օրէնքէն, որք առաւել կարօտ են կառավարուելու քան թէ կառավարելու:
Իշխանութիւնն անիրաւութեամբ կը զեղծանի. եթէ դատաստանի առաջ նուիրական չհամարի օրինաց հաւասարութիւն, աչառելով խաբէ տեառն եւ ծառաւին դատաստան, զօրաւորին եւ տկարին դատաստան, եւ թողու որ դատաւորաց կամք՝ դատարանին մէջ իբրեւ օրինադիրք վճռէ։
Իշխանութիւն չարապէս կը զեղծանի եթէ երկրին չարերը չպատժէ պարզապէս, այլ թողու որ չարեր աճելով բազմանան ու հեղձուցանեն բարիքները. նոյնգունակ մեծապէս կը զեղծանի, երբ բարիքները կը թողու անվարձ անպսակ, նոքա որ երկրին յառաջդիմութեան անձնանուէր կը լինին, որ հաւատարմութեան ուխտն անդրժելի կը պահեն։
Իշխանութեան զեղծումներ շատ եւ բազմադիմի են, դժուարին եւ երկար բանից կարօտ է նորա նկարագիրը հանել. բայց դու թէ հետաքրքիր լինիս, հետազօտես երկրին իշխանութեան եւ ժողովուրդին կեանքը, զեղծումներու երեւոյթ պատկերը յանդիման կը տեսնաս։
Այլ եւս կը մնայ ինձ խօսիլ, որդեակ իմ, թէ ժողովուրդին պարտիք եւ իրաւունքն ի՞նչ է առ իշխանութիւն. եւ բովանդակել այս դասն՝ որ բաւական ընդարձակեցաւ, եւ դու գիտես, որ դորա պատճառը նիւթին եւ առարկային մեծ կարեւորութիւնն էր։
Ինչ որ իշխանութեան պարտիքն էր, այն է աւասիկ ժողովուրդին իրաւունք, եւ ինչ որ իշխանութեան համար իրաւունք է, այն է տիրապէս ժողովուրդին պարտիք։
Ժողովուրդին առաջին պարտիքն է ճանչնալ եւ հաւատալ, թէ իշխանութեան գաւազանը երկնքէն դէպ ի երկիր ձգուեր է. նորա վերին ծայրը տիեզերքը վարող պետական աթոռին կցուած է, եւ միւս վարի ծայրը աշխարհիս վերայ հաստատուած է։ Սորա համար Սուրբ Պօղոս կասէ. Իշխանութիւն Աստուծու