մահով ժողովուրդին կայտառ որդիք զոհ կերթան եւ կսպառին պատերազմի դաշտին մէջ, որով ինքն պարտական ու պատասխանատու կը մնայ, «Զի թագաւորն ոչ միայն զիւրն տացէ պարտիս, այլ եւ որոց եղել պատճառ մահուան»։
Իշխանութեան առաջին եւ վերջին մեծ պարտիքն է լոյս, գիտութիւն եւ կրթութիւն տարածել ընդհանուր երկրին մէջ, իշխանութնան աթոռէն սկսեալ մինչեւ խոնարհ ժողովուրդին խրճիթը հաւասարապէս լոյս ծաւալել, հաւատալով, որ երկրին բարգաւաճանք ժողովուրդին լուսաւոր կրթութենէն կը ծնի ինչպէս որ թշուառութիւնը՝ նորա տգիտութենէն։
Շատ մեծ սխալ, եւ անիրալ քաղաքականութիւն է, եթէ ասէ իշխանութիւն, թէ՝ Ժողովուրդը տգիտութեան եւ անզգայ թմրութեան մէջ պահեմ, որպէսզի նա կոյր մնայ, չանսաստէ իշխանութեան դէմ, եւ ես անկասկած եւ դիւրութեամբ իշխեմ։
Որչա՜փ յոռի եւ յետադէմ է այս դրութիւն քաղաքակիրթ աշխարհին լուսամիտ գաղափարին առաջ, որ միշտ կը ջանայ ժողովրդին մտաւորական զարգացումն յառաջ տանելով լուսաւորել զայն, հաւաստի լինելով որ երկրին յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճ կեանքը ժողովուրդի լուսաւորութենէն է, ինչպէս թշուառութիւն տգիտութենէն, միթէ ինքնին երջանի՞կ կը լինի իշխանութիւն, երբ ժողովուրդ թշուառանայ, եւ ի՞նչ փառք ու պարծանք է թշուառին վերայ իշխել։ Թշուառ ժողովուրդին կեանք անշուշտ վախճան մի ունի, նա կը մեռնի թէ վաղ թէ անագան, եւ երբ մեռնի, իշխանութիւն այլ եւս ո՞ւմ վերայ կիշխէ, անշէն եւ անապատ երկրին վերա՞յ։ Նոյն ժողովուրդի թաղուած գերեզմանին մէջ կը թաղուի իշխանութիւն, եթէ ջանայ նախ ժողովուրդը թշուառութեան գերեզմանին մէջ թաղել, եւ բռնութեան ծանր կափարիչով փակել նորա բերանը։
Այսչափ եւ այսպիսի են, սիրել ի որդեակ իմ, իշխանութեան պարտիքներ, զոր փոքր ի շատէ միայն դրեցի, կան տակաւին ուրիշ պարտիքներ, թողի զայնս, որ դու ինքնին իմաստասիրես։ Երկրին իշխանութիւն կը զեղծանի, եթէ այդ պարտիքներ չկատարելով ընդհակառակն վարի, եթէ թողու օրինաց արդարութիւն եւ միայն բռնի եւ որով իշխէ: Եթէ մեղկանալով երբէք թէ թշնամին քաղաքը պաշարեր է. եթէ ժողովուրդին եւ իշխանութեան շահն իրարու հետ չկապէ, որ երկրին ընդհանուր շահն է.