Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/339

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բայց թէ մերթ ընդ մերթ բարութեանդ փոխարէն ապիրատութիւն ընդունիս, յայնժամ յիշէ Պետրոսին խօսք որ կասէ. «Զի՞նչ երախտիք իցեն, եթէ յորժամ մեղանչիցէք տանջիցիք եւ համբերիցէք. այլ եթէ զբարիս գործիցէք, չարչարիցիք եւ համբերիցէք. այն շնորհք յԱստուծոյ են, քանզի ի գոյն իսկ կոչեցարուք». եւ այլն։

Քանի որ աշխարհ կայ, չարչարանքներ աշխարհէս չեն բարձուիր, միայն թէ կը պակասին, ժողովուրդ եւ մարդիկ անհրաժեշտ է պիտի կրեն չարչարանքներ, թէ առաւել թէ նուազ, թէ իշխանութեան ձեռքէն եւ թէ նոյն իսկ իրենց ձեռքէն, թէ իբրեւ մեղապարտ՝ յանցաւոր դատուելով, եւ թէ իբրեւ անպարտ՝ անիրաւի կրելով։

Կը փափաքիմ քեզ համար, որդեակ, որ ոչ դու անձիդ համար չարչարանք քու ձեռքովդ պատրաստես եւ ոչ նաեւ յանցապարտ լինիս, որ իշխանութիւն զքեզ չարչարէ. բայց թէ աշխարհի ծանրացող ձեռք զքեզ եւ ժողովուրդ հաւասար չարչարէ, այդ եւս քո քրիստոնէական պարտիքն է, զոր պէտք է յօժարաբար տանիս ու համբերես եւ մինչեւ իսպառ համբերես, հաւատալով թէ վախճանը կեանք է։


ԴԱՍ Ե.

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻՍ

ճշմարիտ ազնուականութեան նշան հոգւոյ մեծութիւնն է, ոչ հողն
է եւ ոչ ոսկին, ով որ ունի զայն: Նա է աշխարհիս տիրապէս
ազնուական, որոյ փառք միայն ժողովրդասիրութեան մէջ կը փայլի:

ԱՇԽԱՐՀԻՍ խոնարհ ժողովուրդին եւ ազնուական կոչուած բարձրագոյն կարգին դասը պիտի խօսիմ քեզ, անտոհմիկ որդեակ իմ. դու գիւղական ժողովուրդի մի զաւակն ես, ժողովուրդի մէջ կապրիս, պէտք է գիտնաս ու ճանչնաս նաեւ այն բարձրագոյն դասն մարդոց, որոց կեանքն ու վիճակ հասարակ ժողովուրդի կեանքէ շատ բարձր է, ու շատ զանազանութիւն ունի:

Դու պէտք է լիովին գիտնաս ժողովուրդին կեանք եւ գործեր, եւ թէ ի՞նչ են հարուստ ազնուականաց դասն, իրենց կեանք