եւ գործեր, եւ իւրաքանչիւրին պարտիր եւ իրաւունք աշխարհիս վերայ։
Բոլոր երկրագնդիս երեսը բնակող մարդկային ընկերութեան ամենամեծ մասն միշտ ժողովուրդն է. եւ նա է ծներ ամէն կարգի ազնուականաց եւ իշխանաւորաց դասն. կայսր, թագաւոր, իշխան, պայազատ, ամէնքն եւս ժողովուրդի զաւակներն են, զի ժողովուրդն է բուն արմատ եւ մայր ամէն կարգի եւ վիճակի մարդոց։
Աշխարհիս մեծագոյն շինարար մասն ժողովուրդն է. դաշտային գիւղերու բնակիչ աշխատաւոր եւ հաց վաստակող մշակ՝ ժողովուրդն է. նմանապէս քաղաքներու բնակիչներն մեծ մասամբ ժողովուրդն է։ Խիստ փոքրագոյն մասն կը կազմեն ազնուականաց կարգն, որք ընդհանրապէս մայրաքաղաքաց եւ քաղաքներու մէջ կը բնակին։
Ժողովուրդ մարդկային ընկերութեան մէջ բուն մարդոց կեանք եւ պիտոյք կազմող եւ պատրաստող ամենաաշխատ եւ պիտանի օգտակար մասն է։ Ժողովուրդն է, որ իբրեւ երկրագործ մշակ կարդիւնաւորէ երկրին բարեբերութիւն, եւ կը մատակարարէ աշխարհին։ Նա է, որ հաց, միս, իւղ եւ այլ կաթնեղէն նպարներ կը հանէ մեր սեղան։ Նա է, որ այգեգործութեամբ մեր խնճոյից բաժակներ պատուական գինւով կը լեցնէ։ Ժողովուրդ իւր տնկած պարտիզէն բազմազան ազնիւ պտուղներ հանելով՝ քաղաքացւոց եւ ազնուականաց սեղան առհասարակ կը զարդարէ։ Նա է, որ բուրգով, փափկասեր այծենով, բամբակով, վշով, եւ այլ բազմատեսակ բուսական նիւթերով՝ ժողովուրդին պարզ հանդերձ եւ ազնուականաց պերճանքներ կը պատրաստէ:
Ժողովուրդ իբրեւ արհեստաւոր, բիւր հազար տեսակ արուեստական աշխատութեամբ մեր կեանքի անբուն անհամար պէտքեր կը հոգայ, մանաւանդ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ, ուր կառաւելուն միշտ նորասիրութեան պերճանքներ։ Նա կը շինէ ու կը զարդարէ թագաւորի պալատ, իշխանաց ապարանք եւ այլ ամէն ինչ, որ կը վերաբերի նոցա ճոխ կեանքին ու վայելման։
Ժողովուրդն իբրեւ գիւտերու եւ արուեստներու հնարիչ իւր արդիւնք եւ յառաջդիմութիւն շատ մեծ է. եւ այլ մասին մէջ երբէք համեմատութիւն չունի, այլ միշտ կառաւելու ազնուականաց դասէն։