Մեծատունն Յովբ, որ հին աշխարհի մէջ մի ճշմարիտ ազնուական նահապետ էր, նա յառաջ կը բերէր իւր ազնուականութեան պարտիքներ, զորս անթերի կատարեր էր. մինչդեռ իւր բարեկամներ վիճելով կասկած կը յարուցանէին։ Իսկ ազնուական նահատակն մեծ համարձակութեամբ ցոյց կուտայ իւր առաքինութեան հանդէս եւ կը խօսի. «Եթէ խոտերի երբէք զիրաւունս ծառայի կամ աղախնոյ մատուցելոյ առիս յատեան, եւ զի՞նչ գործերից եթէ հարցափորձ արասցէ ինձ Տէր, եւ եթէ այրելութիւն, զի՞նչ պատասխանի արարից։ Ո՛չ ապաքէն որպէս՝ ես եղէ յարգանդի եւ նոքա եղեն. ի նմին որովայնի եղաք։ Իսկ տկարք, որոց պէտք ինչ էին՝ ո՞չ արդեօք երբէք վճարեցի: Զակն այրւոյ ոչ կողկողեցուցի։ Եթէ կերա՞յ արդեօք զպատառն իմ միայն եւ որբոյն ոչ կարկառեցի։ Զի ի մանկութենէ իմմէ սնուցի իբր եւ զհայր, եւ յարգանդէ մօր իմոյ առաջնորդեցի։ Եթէ արարի՞ անտես զմերկն կորուսեալ եւ ոչ զգեցուցի։ Եթէ ո՛չ օրհնեցին զիս տկարք եւ ի կտրոյ խաշանց իմոց ջեռան թիկունք նոցա։ Եթէ վերացուցի՞ ձեռն ի վերայ որբոյն՝ յուսացեալ թէ բազում է օգնականութիւն իմ, ապա թափեսցի յանրակէ ուս իմ եւ բազուկ իմ յարմնկանէ իմմէ խորտակեսցի» եւ այլն։
Ահաւասիկ ճշմարիտ ազնուականութեան գործ ու պարտիքը, զորս մեծանձն Յովբ վեհանձնաբար կը ճառէ ու վստահութեամբ կարդարանայ Աստուծոյ առաջ. թէ եւ բարեկամ դատաւորներ մեղապարտ կը դատէին զինքն կարծելով թէ հարուածեալն Յովբ իւր զրկանաց երեսէն պատուհասուեր է։
Է՜, ազնուամիտ որդեակ իմ, համեմատէ դու այժմիկ հին աշխարհի եւ մեր գարու ազնուականաց գործն ու կեանք. եւ դու ինքնին դատաստան արա, թէ աշխարհիս ամէն հարուստ մեծատունք, որ ազնուականութեան տիտղոս ստացեր են՝ նոքա իրօք եւ ճշմարիտ ազնուական չեն։ Մի կարծեր թէ ընդարձակ հողն ու ոսկին եւ անուն զմարդն ստոյգ ազնուական կհանեն, եթէ նորա ոգին ընչաքաղցութեամբ ստրկացած է եւ զուրկ մեծ անձնական առաքինութենէն։ Կան մարդիկ, որք թէպէտ մեծահարուստ չեն, այլ իրենց չափաւորութեան մէջ առաւել կը մեծագործեն քան համբաւեալ ազնուականն։
Իսկ դու, անանուն որդեակ իմ, որ ազնուական չես ծներ, այլ շինական ժողովուրդին մի հասարակ զաւակն ես, ջանացիր փոքրկութեանդ մէջ փոքրիկ ազնուական լինել. ոչ գանձ ունիս