Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/347

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ ոչ մեծ կալուածատէր ես, որ ոսկւով եւ հարստութեամբ մեծագործես. բայց դու գրով, ուսումով եւ կրթութեամբ մեծագործէ։

Սիրէ նաեւ բարուց ազնուութիւնն, անկեղծ կենցաղավավարութեան ազնուութիւն. եւ քան զամէն առաւել ընկերսիրութեան ազնուութիւն։ Եթէ աշխարհիս դէպքեր յաջողեն քեզ, կամ գիրն եւ աշխատութիւն քեզ ոսկի բերեն, եւ դու յանկարծ խոնարհ Ժողովուրդի վիճակէն բարձրանալով ձգտիս դէպի ազնուականութեան դասն՝ մի անարգեր գիրն ու գրիչ. այլ դուն գործէ, որ գրով ու ոսկւով միանգամայն ազնուանաս։

Գիտեմ ես, գիտես նաեւ դու, քրիստոս որ աղքատ եւ ժոդովրդասէր էր, վկայեց թէ մամոնան անիրաւ է, անիրաւ են եւ նոքա որ սոսկ մամոնայի ազնուականութիւն կը կեղծեն. բայց արդար եւ ժողովրդասէր ազնուականը գիտէ բարւոք ի գործ դնել զայն, եւ շահեցուցանել թէ ի սակաւուն եւ թէ ի բազմին իբրեւ հաւատարիմ ծառայ Աստուծոյ տնտեսութեանն։

Կը փափաքիմ քեզ համար, որդեակ, որ դու ի փոքուն, այսինքն այդ քո այժմեան վիճակին մէջ միշտ հաւատարիմ լինիս, որպէս զի բազմին արժանանաս։

Որչափ եւ կարես՝ կեանքն ազնուացուր աշխարհիս վերայ. մի ասեր թէ ես մարդոց կեանքին մէջ եւ նոցա աչքին առանց ոսկւոյ ու մեծութեան միշտ նուաստագոյն կը համարուիմ։ Կը գովեմ զքեզ եթէ անձնաճանաչ լինելով խոնարհամտիս, այլ չեմ ներեր զքեզ թէ այնչափ նուաստանաս մինչեւ մոռանաս մարդկութեան հաւասար պատիւ։ Գիտցի՛ր դու, որ Աստուած զմարդիկ հաւասար ազնուական ստեղծեր է եւ այնպէս կը համարի. ոչինչ զանազանութիւն չըկայ, ազնուականին եւ ժողովուրդին մէջ. միայն աշխարհին աչք ու դատաստանը խտիր կը դնէ եւ այնպէս կը տեսնայ. իսկ Աստուծոյ մեծութեան առաջ՝ աստուածապատկեր մարդն հաւասար ազնուական է։ Մանաւանդ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ընկերութեան մէջ. որոց համար ասաց Քրիստոս թէ «Դուք ամենեքին եղբայր էք»։

Վերջին խրատ մի եւս աւանդեմ քեզ Սողոմոնի բանէն. եւ այն միշտ քո խնդրուած Աստուծոյ առաջ։ «Մեծութիւն եւ տնանկութիւն մի տար ինձ. այլ կշռեա ինձ զարժանն բաւականութեամբ։ Զի մի մեծացայց եւ ստեցից եւ ասիցեմ թէ ո՞վ տեսանիցէ զիս. կամ աղքատացայց գողացայց եւ երդուայց յա-