Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/352

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուստի եթէ հարստութեան առաջին ամենաբուղխ աղբիւր երկիրն է, պէտք է համարինք որ այդ աղբիւր առատացնող ձեռքը՝ մարդոյն աշխատութիւնն է։

Հանճարեղ մարդ շատ պէսպէս վայրենի բոյսեր, կենդանիներ ընտելացոյց, որք այսօր առ հասարակ մեր պէտքերուն կը ծառայեն։ Երկրասէր մշակ իւր աշխատութեամբ հազար տեսակ հունտեր կը ցանէ, մատաղ տունկեր կը տնկէ եւ բիւրապատիկ բազմազան բերքեր հանելով կը հարստանայ։ Վաստակասէր մարդ սոսկ երկրին երեսը բաւ չը համարեց իւր անդուլ աշխատութեան ասպարէզ. այլ փորեց հողը, մտաւ մինչեւ երկրին սիրտը, կրկտեց գտաւ ոսկին ու արծաթ, հանեց ճոխացոյց իւր հարստութեան գանձարանը։ Երկաթ հանեց, երկրագործին խոփն ու մանգաղ շինեց, ափսո՞ս որ, խոփին ու մանգաղին հետ՝ սուրն եւս կոփեց իւր ընկերին կեանքը բառնալու համար։

Մարդոյն հարստութեան երրորդ ամենամեծ աղբիւրն, որ կը միանայ հողին եւ աշխատութեան հետ, եւ որով ահագին Ովկիանոսի չափ հարստութեան ծով կը կազմէ, ի՞նչ է, գիտես. հարցուր, որդեակ իմ, եւ ես խօսիմ քեզ. գիտութիւն եւ արուեստն է, որ այնչափ եւ անհամար նորանոր հարստութեան աղբիւրներ բացաւ զորս չը կարեմ՝ թուել ու ճառել։

Դու պէտք է գիտնաս թէ հին դարերում երբ գիտութիւն եւ արուեստ իւր խանձարուրին մէջն էր, դեռ չէր զարդացեր ու չէին ծներ այն մեծ եւ աշխատաւոր հանճարներ, որք նորանոր գիւտեր եւ արուեստներ ծնան, մարդոյն հարստութեան գլխաւոր աղբիւրներ միայն հողային մշակութիւն եւ հովուական խաշնադարմանութիւն էր։

Իսկ վերջին դարերում մանաւանդ տասնեւիններորդ յառաջդիմութեան դարը, յորում տքնող հանճարներ իրենց գիւտերով յորդեցին ընդարձակեցին հարստութեան աղբիւրին ակները, այդ մշտաբուղխ աշխարհի ակներէն վտակներ, գետեր բղխեցին, ողողեցին առ հասարակ արեւմտեան Եւրոպիոյ աշխարհ։ Այլ մեր արեւելեան աշխարհ, որ նա կարենար յառաջդիմել։

Խօսինք այժմ անգործ եւ անաշխատ կեանքին վերայ, որոյ հետեւանքն աղքատութիւն է. անտարակոյս աղքատութիւն եւս իւր սկզբնական պատճառներ ունի, եթէ հարստութեան պատճառը կը համարինք թէ մարդոյն աշխատութիւն եւ ժրագործ ձեռքն է. ուստի պէտք է ուղիղ հասկնամք թէ ապա ուրեմն ան-