Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/353

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գործ ձեռք եւ անաշխատ կեանք՝ մարդոյն չքաւորութեան բուն նախապատճառներն են։ Ասիոյ արեւելեան աշխարհ ուր մեք կը բնակիմք, երկրի բնական հարստութեան ամենաճոխ ծածկեալ գանձարան մի է։ Մեր լայնածաւալ արգաւանդ դաշտեր, որ ամէն սերմերու եւ տնկագործութեան ընդունակ են, եւ եթէ մշակուին՝ իրենց բարեբերութեան եւ առատութեան արդիւնք աշխարհին բաւ է։ Մեր լեռներ ու հովիտներ եթէ ապահովին, արդեօք Զուիցերիոյ չափ կովեր ու եզներ, անթիւ անհամար ոչխարաց հօտեր չե՞ն դարմանուիր։ Հապա մեր ինքնաբոյս անմշակ անտառներ, մեր բազմագանձ հանքեր, որ այնպէս անկրկիտ կոյս մնացեր են հողին տակ, անգործ եւ ապարդիւն։

Ինչպէս դրեցի ի վեր, յիշէ, որդեակ իմ, աստի յայտնի է, որ երբ աշխատութիւնը չի միանար բնական հարստութեան հետը, հարստութիւնն իբր եւ ծածկեալ գանձ կը մնայ հողին ծոցը, եւ մարդիկ անհաց, անգանձ, անգիտաբար կը շրջին ոտքի տակ թաղուած գանձերու վերայ միշտ աղքատ եւ կարօտած։

Ուրեմն մեր աղքատութեան աղբիւրի մի ակն՝ մեր անաշխատ ձեռք եւ թմրած ոգւոյն ծուլութիւնն է։ Մի մարդ, մի ժողովուրդ, մի աշխարհ, որ զինքն աշխատութեան չի նուիրեր, նա միշտ հացի կարօտ կը մնայ վասն զի աշխարհիս վերայ հացն ու գանձ՝ միայն աշխատող ազգին ու ժողովուրդին բաժինն են, եւ սորա ճշմարիտ ապացոյց՝ Եւրոպիոյ ժողովուրդն է։

Բայց ի՞նչ պէտք է, եւ ի՞նչ է զօրաւոր դարման, որ անաշխատութեան մէջ ափշած ու թմրած ժողովուրդին միտքն ու հոգին մեռելութենէն հանէ ու մղէ դէպի գործունէութեան կեանք։

Այն պէտք է, ինչ որ պէտք եղաւ արեւմտեան ազգերուն. այսինքն լոյս, գիտութիւն։ Լոյսն ու գիտութիւն՝ մեր գործող զգայարանքներ եւ աշխատութեան կեանքը կուղղեն. եւ մեր յառաջդիմութեան քայլերուն ճամբայ կը բանան եւ կապահովեն մեր արդիւնք եւ հարստութիւն։ Եւ երբ արեւելեան ժողովուրդներ զուրկ են այս առաջնորդող յուսէն եւ մղիչ զօրութենէն, կը մնան ուր որ են, միշտ կարօտ, բեղմնաւոր երկրի մէջ. վասն զի հեղգամիտ եղան, աշխատութիւն չսիրեցին, ուսումն ատեցին, հանճարն անպատուեցին, գրասէր անօթի մեռաւ, արուեստաւորն առանց քաջալերութեան մնաց, եթէ կային մեծամեծ խոչընդոտներ ելան, մեր ընկերական կեանք դարձաւ մի անշարժ դիակ. տեսանք յառաջադէմ աշխարհ եւ իւր անթիւ գործունէութեան