սէր. դրացիներ չեկան, գոնէ բարեկամներ հրաւիրէ: Խելացի արտուտն դարձեալ նոյն կը կրկնէ. հանգիստ եղէք, ձագերս, երբ գործը բարեկամներուն մնացեր է, յաւիտեան չի քաղուիր արտը։
Երրորդ անգամ կը պատմեն ձագերն, թէ՝ արտին տէրն վա՛շ, վա՛շ անելով իւր տղուն կասէր. որդեակ իմ առ դու քո մանգաղ եւ ես. մենք մեր արտը քաղենք, այլ եւս դրացեաց, բարեկամաց սպասելն ընդունայն է։ Ուշադիր ձագերն երբ այս վերջին խօսք կը պատմեն իրենց մօր, մայրն կը պատասխանէ. այժմ ստոյգ կը հաւատամ, թէ՝ արտը պիտի քաղուի. պէտք է զձեզ տեղափոխեմ։
Այս կրթիչ առակի օրինակէն արդեօք պիտի հասկանայ ու խելաբերի՞ իւրաքանչիւր առանձին մարդ եւ ժողովուրդ, թէ՝ աշխարհիս դրացիներ եւ բարեկամներ եւս իրենց արտեր ունին քաղելու։
Եթէ այս այսպէս է, ինչպէս որ է ճշմարիտ, ուրեմն թող ժողովուրդ իւր յոյս միայն իւր ինքնաշխատութեան վերայ դնէ։ Եթէ իւր կեանք պահելու համար հաց հարկաւոր է, թող առնէ մանգաղ եւ երթայ իւր արտը քաղէ։ Եթէ ջուր պէտք է իւր չորցած արտը ոռոգելու համար, թող խցուած աղբիւրներու ակերն բանայ, վտակներու լցուած առուները յորդէ։ Եթէ հանդերձի եւ այլ զանազան պէտքերու համար կտաւ կարեւոր է, թող բամբակ ցանէ, կտաւ գործէ։ Իսկ եթէ փափկութեան պերճանք սիրելով՝ կերպասի կը ցանկայ, թող շերամագործութեան արուեստին հետեւելով՝ յառաջ տանի զայն։
Եթէ նախանձելով Եւրոպական ազգաց գեղեցիկ օրինակին՝ գիւտեր եւ արուեստներ հանճարել կուզէ, թող նախ դպրոց երթայ, գիտութիւն սորվի, ինքնաշխատութեան մէջ տքնի, ինչպէս նոքա։
Իսկ եթէ կասէ. ես ի՞նչպէս ինքնաշարժ ինքնաշխատ լինիմ եւ յառաջ երթամ...
Դորա դարման եւ ճարն ի՞նչ է, գիտե՞ս. դպրոցն է. դպրոց, եւ անյուսահատ ինքնաշխատութիւն. ուրիշ ոչինչ՝ Ես կը տեսնամ զքեզ այդ քո վիճակին նկարագիրը՝ շատ ճշգրիտ է։ Բայց դու պէտք է անվկանդ մնաս ոգւոյդ մէջ. առանց երբէք լքանելոյ շարունակես ինքնաշխատութիւնդ, գիտնալով, որ յառաջդիմութեան ուղին՝ ինքնանուէր շահատակութեամբ կը բացուի: Ես գիտեմ որ խոչեր ու խութեր կան քո ճամբոյն վերայ.