Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/368

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խատաւոր է, իւր դրախտն ու դարաստանն տնկագործող պարտիզպանն է, իւր տուն շինող ճարտարապետն է։ Իւր ընտանեկան կեանքին պէտքերն հոգացող հայր ու տնտեսն է, իւր հաց ու սեղան պատրաստող մատակարար ձեռքն է, իւր արուեստ հնարող հանճարին աղբիւրն է, իւր գործարանին մեքենաները դարձնող մղիչ շոգին է, իւր անձին մերկութիւնը պատսպարելու կտաւագործն է. իւր ամէն շահավառութեան վաճառական եւ խանութպանն է, իւր դպրոցներ շինող ու կարգադրող իւր ընկերական հանգանակութիւնն է, իւր մանուկներ ղրկող դաստիարակն է, իւր ներկային մէջ գործող ձեռքն՝ եւ ապագային մէջ նախատեսող աչքն է. վերջապէս ժողովուրդին ինքնաշխատութիւն ամենայն ինչ է, այս աշխարհիս վերայ իւր առանձին յառաջդիմութեան համար։

Պէտք է խելամտի ու ճանչնայ ժողովուրդ թէ՝ իւր կեանքն արդիւնաւորողն՝ միմիայն իւր ինքնաշխատութեան ձեռքն է, եւ գիտե՞ս որչափ շահաբեր է։ Մի ազգ եւ ժողովուրդ եթէ իւր կեանք եւ բախտ ուրիշէ կակնկալէ, շատ բնական եւ յայտնի է թէ՝ իբրեւ երազայոյս պահ մի գիշերուան ծանր քունին մէջ կը խայտայ եւ առաւօտ ոչ ինչ կը գտնէ։

Մշակ ժողովուրդին անժխտելի ու բնական պարտիքն է, որ իւր հացն ինքնին հոգայ, իւր արտն ինքն քաղէ, ապա թէ ոչ արտն առանց քաղելու կը մնայ. կը կծղի ու կը թօթափին ցորենահատեր, եթէ նա դրացւոքն կամ բարեկամին սպասէ։ Այս ճշմարտութիւն իմ կեանքիս մէջ փորձով ճանչցած եմ. դու որ դեռ անփորձ ես, ուշ դիր, ես մի հնոց առակով պատմեմ քեզ։

Արտուտ թռչունն՝ որ թերեւս արտ ուտելէն առեր է այս յարմար անունն, իւր բոյն հասկաւոր արտի մի մէջ դնելով ձագեր հաներ է։ Նախատես ձագամայրն միշտ կապսպրէ իւր ձագերուն, որ միտ դնեն արտին տիրոջ, թէ ի՞նչ կը խօսի, երբ նա իւր տղուն հետ կուգայ տեսնել թէ՝ արտին հնձելու ժամանակն հասե՞ր է։ Առաջին անգամ կը լսեն ձագեր եւ կը պատմեն իրենց մօրն, թէ հայրն իւր տղու կասէր. Որդեակ, արտը հասնելու մօտ է. գնա խօսիր մեր դրացիներուն թող մեզի յօդն գան, արտն ի միասին քաղեմք։ Արտուտն կը պատասխանէ, դեռ անհոգ կեցէք, քանի որ արտին տէր՝ դրացիներուն օգնութեան կսպասէ, այս արտը չի քաղուիր։ Երկրորդ անգամ մտիկ տալով ձագերն՝ այս կը պատմեն թէ՝ գեղացին իւր աղուն կա-