Գիտես եւ չկարծես դու թէ շոգենալուց գիւտը միայն մարդկային շահավաճառութեան շահաբեր եղաւ, այլ եւ դորա հետ ապահովեց նաեւ մարդոյն ծովագնացութեան կեանքը. այն ինչ աստի գրեթէ մինչեւ վաթսուն տարի առաջ նաւապետ, նաւաստին, ուղեւոր առհասարակ ծովալեկոծ ահեղ փոթորիկներու պատահելով՝ շատ անգամ կուր կը լինէին ծովուն ու ձկներուն, խորանդունդին մէջ ջրաթաղ լինելով, անհող եւ անգերեզման։
Մարդ իւր հանճարով եւ ընկերական զօրութեամթ ծովու հոսանուտ կոհակներու վերայ յաղթանակեց, դարձաւ դէպի ցամաք. ասաց թէ կարո՞ղ եմ արդեօք սարն ու ձոր հարթել հաւասարել այնպէս, ինչպէս ծովուն մակերեւոյթ։
Այո՛, մարդն Աստուած չէր, բայց՝ ասաց եւ եղեւ։ Իւր հանճարով եւ ընկերական ուժով այդ ամէն գործեց, հողին վերայ երկաթէ ուղիները յարդարեց, հնարիչ ճարտարագէտի մի ձեռք շոգեկառք շինեց. ընկերութեան զօրաւոր ձեռք հազարաւոր կառախումբեր նորա ետեւն կապեց ու շարեց։ Մարդիկ այն օրէն գիտես թէ թռչնոց թեւ առին. աշխարհէ յաշխարհ, քաղաքէ քաղաք թռչելով՝ անդադար կերթան կուգան։
Թէ կարծես ի համար բեր եւ հաշուէ, այդ երկու միացեալ զօրութիւնք, շոգին ու մեքենան, ի՞նչ մեծ արդիւնք ընծայեցին աշխարհի։ Եթէ այսօր Ասիացին, Եւրոպացին, Ամերիկացին, Քաբոնացին եւ Հնդկացին զիրար կարող են տեսնել ու ճանչնալ. այդ շնորհիւ հանճարին եւ ընկերական զօրութեանն է, որ մին շոգեն ալ եւ շոգեկառք հնարեց, եւ միւսն իբրեւ զօրավիգ ձեռն տալով ի գործ դրաւ։ Եւ այսպէս աշխարհ առ աշխարհէ ժողովուրդ առ ժողովուրդ իբրեւ մի քաղաքացի եւ դրացի կապեց։
Ո՛վ գիտԷ, թերեւս թերեւս ապագայ աշխարհին մէջ մեր բնակավայր հողագունդն ամբողջ այնպէս լինի, ինչպէս մի քաղաք, զանազան ազգեր եւ լեզուներ միանան, մի ազգ, մի ժողովուրդ կազմեն. աշխարհս դէպի իւր նախնական վիճակ դառնայ եւ երթայ հասնի միազգութեան նախադար. երբ մարդիկ մի երկիր, մի լեզու ունէին, ինչպէս կը պատմէ Մովսէս. «Եւ էր երկիր մի եւ լեզու մի»։
Թողունք հաղորդակցութեան դիւրութիւնը. թողունք շահավաճառութեան ամենամեծ արդիւնք, յորում աշխարհիս ազգեր ու ժողովուրդներ կզբաղին ու կը պարապին մեր անյագ կեանքին անհուն պէտքերը հոգալու համար. թողունք այն ամէն նիւ-