Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/377

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թական շահաբերութեան արգասիք, զորս մարդոյն ցանկութիւն իւր ճարտարութեան արուեստով հնարեր. խորհինք, յառաջ բերենք ու հաշուենք բարոյական մեծ շահն։

Վասն զի թէ շոգենաւն եւ թէ շոգեկառքը, այս երկու արագընթաց զօրութիւններ եթէ թեւ չի տային մարդոց ընկերային հաղորդակցութեան, հեռաւոր աշխարհաց, վայրենի եւ կիսավայրենի ժողովուրդներ կը մնային այնպէս իրենց հնութեանց մէջ, որոց վերայ տիրեր էր տգիտութիւն, թշուառութիւն եւ խաւար կեանք։ Այն օրէն երբ շոգին լոյս տարաւ նոցա, այն օրէն սկսեցին լուսաւորիլ եւ տակաւ տակաւ մօտենալ քաղաքակիրթ աշխարհին։

Քաղաքակրթութիւն ուր որ ծնաւ, իւր անձուկ հորիզոնին եւ խանձարուրին մէջ կը մնար. նա չէր կարող իւր լոյսը մինչեւ հեռաւոր եւ անծանօթ տեղեր տարածել, լոյս տալ ու քաղաքակրթել բարբարոս ազգերը։

Հանճարին եւ ընկերական ուժին զօրութիւն միայն այդ հրաշքներ չի գործեց, այլ եւս շատ եւ անհամար արուեստական հրաշքներ յառաջ տարաւ, եւ այնչափ, զոր ես չկարեմ թուել: Արուեստից ծնունդներ այնքան բազմապատիկ են, որոց վերայ մարդոց միտք կը հիանայ, կապշի ու չի հաւատար թէ ինքնաշխատ մարդոյն հանճարն է ծներ զանոնք։

Եւրոպիոյ բիւրատեսակ արուեստից այն հսկայ մեծագործ շէնքեր, որք գիտես թէ մէն մի մեծագործ քաղաքներ եւ պալատներ են. այն անդուլ անդադար շոգեշարժ ահագին մեքենայից ահագին զօրութիւն, որոց միոյն ուժը՝ հազար ասեմ, երկու հազար ասեմ, մարդոց կամ ձիոց ուժին հաւասար է։ Հապա այն բիւրաւոր միլիոնաւոր գործաւորաց աշխատութիւնը, որ շոգիին զօրութեան հետ միանալով՝ անբաւ եւ անչափ արդիւնք կարտադրեն եւ բովանդակ աշխարհիս մարդոց կեանքին համար պէտքերը կը պատրաստեն, որոց չափն ու քանակութիւն անհնարին է կշռել ու չափել։

Տանկացայ ես, այլ բախտն ինձ չյաջողեց, որդեակ իմ, երանի՛ թէ քեզ մի նուագ յաջողէր երթայիր Եւրոպիոյ այն հրաշից աշխարհը, կենդանի աչօք տեսնայիր, զարմանայիր թէ ի՞նչպէս մարդոյն հանճար եւ ընկերական զօրութիւն ձեռն ի ձեռն տալով՝ գիտութեամբ, ճարտարութեամբ, արուեստով մարդկային հին կեանքն, որ երբեմն ունայն եւ դատարկ էր, զայն լցու-