ցեր են եւ լիացուցեր մինչեւ ցբերան. եւ աւելորդն յորդեար գետերու եւ հեղեղի նման՝ աշխարհիս չորս կողմ կը վազէ ու կը տարածի այդ անհուն շահավաճառութեան հոսանք։
Քաջ խելամտեցա՞ր, որդեակ իմ, որ ինքնաշխատ հանճարն ընկերական միութեան հսկայաքայլ ոտքով արագապէս յառաջադիմեց աշխարհիս վերայ։ Ճարտարագէտին հանճարն՝ իւր մի ոտքով միշտ կաղ կը մնար եւ կարող չէր նա գէթ, դանդաղ կրիային չափ ծանրաքայլ երթալ, եթէ ընկերական ուժն օժանդակելով յառաջ չը վարէր զայն։
Քա՛ւ թէ, այսպէս դատելով՝ ես կուրանամ հանճարին իր աւունքը, եւ դու այնպէս չը կարծես, հանճարասէր որդեակ իմ, այլ եւ կը խոստովանիմք, որ մեծ մրցանակն ու փառք հանճարին կը վայելէ։ Վասն զի յառաջդիմութեան առաջին տարերք, առաջին հիմնաքարեր հանճարներ կը համարուին. իսկ շէնքն ընկերութիւն կաւարտէ. եւ մերթ եւս մի հանճարին պակասն՝ մի ուրիշը կը լրացնէ։ Ինչ որ հանճարը մի տաղանդ կուտայ, եւ ընկերութիւն զայն ի գործ կը դնէ եւ անհատնում շահերով կը բազմապատկէ։
Բիւր օրհնութեան եւ յիշատակաց արժանի Գուտթէմբէրգ՝ տքնելով տքնելով վերջապէս հանճարեց տպագրութեան գիւտն, որ առաջին անգամ շատ փոքր ու անկատար էր, եկան վերջին հանճարներ եւ կատարելագործեցին զայն։ Ելան նաեւ ընկերութիւնք, ոք հսկայաշէն տպագրական տուներ հաստատեցին, մեծամեծ շոգեշարժ մեքենաներ դրին նոցա մէջ, եւ այնչափ յառաջ տարան ու զարգացուցին տպագրական արուեստը, որոյ նիւթական ու բարոյական շահաբերութիւնը՝ թէ ասեմ Ովկիանոսին չափ ծովացաւ աշխարհիս վերայ, հաւատա դու։
Այն երկաթէ հրաշալի Մամուլը թէ ոսկւով թէ լուսով միանգամայն փայլեցուց աշխարհ։ Թէ չը լինէր լուսասփիւռ մամուլը, ի՞նչ կը լինէր այնչափ գրագէտ հեղինակաց հանճարին երկասիրութիւնք, ոչինչ. այնպէս անլոյս անհոգի կը մնար ու կը մեռնէր ինչպէս վիժած մանուկ մի իւր մօր արգանդին մէջ։ Այո՛, եթէ մամուլ իւր գրերով, իւր թեւերով հանճարին ստեղծած գաղափարին լոյս չտարածէր իմացական աշխարհին հորիզոնին վերայ, այլ եւս լոյսն ու գաղափար ոչ կենդանի կը մնար, ոչ կարդիւնաւորէր մարդկային լուսաւորութեան համար, հապա մի