Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/38

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մայն քաղաքաբնակ ժողովուրդներ կը վայելեն իրենց աստիճանին եւ կարողութեան չափով. անշուշտ մենք էլ մեր չափով կը վայելեմք մեր քրտանց աշխատութեան արդիւնքը։

Թողունք հաց եւ այլ ամէն բան, զորս գիւղական ժողովուրդ կը պատրաստ է մարդոց կեանքին եւ սնունդին համար, այդ չէ միայն. եւ տես դու, որ նոյն մշակ ժողովուրդ կը պատրաստէ մարդոց մերկութեան ծածկոյթ, զոր Տէր Աստուած միայն միանգամ թզենւոյ տերեւով ծածկեց։ Այժմ թուեմ քեզ, Թոռնիկ, այն ամէն սկզբնական նիւթերը, զոր մշակելով յառաջ կը բերէ երկրագործ եւ կը յանձնէ արուեստաւորին։ Մեք կը մշակեմք բամբակ՝ կուտամք կտաւագործին, նա ժողովուրդին համար շապիկ կը պատրաստէ, եւ արուեստաւոր տարազագործ քանի՞ բազմազան ծաղկէնկար չիթեր կը հնարէ, որով լեցուած է աշխարհի վաճառականաց տուներ եւ շուկաներու խանութներ։

Մեք կը տնկենք թթենին եւ կը հանենք շերամի այն զարմանալի խոզակ, որ վաճառականաց ձեռքով կը հասնի մետաքսագործ արուեստաւորին ձեռք եւ նա հիանալի կերպասներ կը պատրաստէ, որով կը պճնին սիրամարգի նման աշխարհիս թագուհիներ եւ պալատականներ։ Հին ժամանակ այդ պերճանաք հանդերձներ միայն թագաւորական տանց եւ իշխանուհեաց համար առանձնաշնորհեալ պատիւ էր. բայց արդ հասարակ ժողովրդի ընտանիքներն եւս նոյն ծիրանափայլ զգեստներով կը զարդարին:

Թողլով շերամի մշակութիւն, հապա ո՞վ կը մշակէ այն պատուական կտաւատ, որոյ սերմերէն ձէթ հանելով մեր ճրագներ կը վառեմք, մերթ եւս ձէթով փիլաւ կը շինեմք, որքան զձիթենիի իւղ շատ աւելի օգտակար է։ Իսկ կտաւատի ցօղունէն արուեստաւոր ձեռք ընտրելագոյն քթան կտալներ կը պատրաստէ, որ քան զձիւն սպիտակ կը լինի եւ մի շապիկցուն մինչեւ մէկ ոսկիի արժէք ունի։ Բայց քթանէն եւ բամպակէն եւ մետաքսէն զատ կան տակաւին ուրիշ բուսական նիւթեր, որոնցմէ հնարամիտ արուեստաւորն ոչ միայն հանդերձի համար, այլ եւ բովանդակ աշխարհի գրողներուն համար, տպագրութեան համար անհուն քանակութեամբ թուղթ կը պատրաստէ. թող բուսական խոտ՝ նոյն իսկ փայտի տաշեղներէն անգամ թուղթ կը պատրաստուի, որ մեք զայն անպէտք համարելով կը վառեմք։