Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/37

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գ.

ՀՈՂԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՒՐ ԱՐԴԻՒՆՔ

Լաւ ուշադիր եղիր, Թոռնիկ, որ լաւ հասկնաս, թէ աշխարհիս բովանդակ մարդոց սնունդ եւ կեանք հողագործութեան արդիւնքէն է։ Մեր բնակած լայնածաւալ երկիր իբրեւ մայր կը սնուցանէ զմեզ իւր բազմատեսակ բուսակա՛ն բերքերով: Թէպէտ երկիր ինքնին պտուղ կը բերէ, ինչպէս ասաց Յիսուս, բայց մարդ պէտք է աշխատակից լինի երկրին։ Տէր Աստուած ամէն տեսակ սերմեր իւր բարերար արարչագործութեամբ նախապատրաստեր է, բայց մարդն եւս իւր աշխատութեան մեծ բաժին ունի. պէտք է վարէ, ցանէ, ջրէ եւ պէտք եղած դարմաններ հոգայ. որպէսզի կարենայ հնձել՝ կասել ու ժողովել ի շտեմարան, եւ այնուհետեւ վայելել իւր աշխատութեան արդիւնքը։ Այսպէս Թոռնիկ, Մայր երկրին ինքնաբեր արդիւնաւորութեան հետ, անհրաժեշտ է որ մարդոյն աշխատութիւն եւս միանար: Բայց պէտք է գիտնաս նաեւ որ երկրին ինքնաբերութիւն եւ մեր աշխատութիւն դարձեալ ոչինչ կարող են արդիւնաւորել, եթէ երկնից Հօր բարերար կամքը չծագէ արեւ աշխարհիս վերայ իւր Համատարած լուսով, եւ հրաման չը տայ ամպերուն որ անձրև տեղան լեռներուն, դաշտերուն ու մեր ցանած արտերուն վերայ։ Դու հը տեսնաս երբեմն, երբ մեք որ սովոր ենք աւելի մեր նեղութեան մէջ յիշել զԱստուած, ժողովուրդ ջերմեռանդ սրտաբեկութեամբ աղաղակ կը բառնայ դէպ երկինք. Աստուած, անձրև տուր, անձրեւ։ Բարեգութ Աստուած լսելով ժողովրդի ձայնին կը թափէ երկնից ամպերէն իւր բարի կամաց անձրեւ։

Կը խելամտի՞ս, Թոռնիկ, երկնից արեւ եւ անձրեւ, երկրի ինքնաբերութիւն եւ մեր աշխատութիւն միանալով, բովանդակ աշխարհի մարդկանց կեանքի սնունդ կը պատրաստուի. մարդիկ կը վայելեն եւ կը լիանան թէ առաւել եւ թէ նուաղ: Մեր մշակած ցորեն էն հաց, մեր սնուցած անասնոց միսը, կարագ, իւղ եւ պանիր. մեր դարմանած բանջարեղէնք, մեր փեթակներու մեղր, մեր տնկած այգիներուն խաղողն ու գինին, մեր ձեռատունկներէն հասուցած պատուական միրգեր, կերթան կելլեն մինչեւ թագաւորին սեղան եւ զայն կը զարդարեն թագաւորավայել ճոխութեամբ, աշխարհիս պետական վարիչներ, եւ հա¬