Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/390

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԴԱՍ ԺԱ.

ԲԱՐԳԱՎԱՃԱՆՔ ԵՒ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆ

ԱՇԽԱՐՀԻՍ ԱԶԳԱՑ

Ի՞նչ է նորա անունն, որոյ ամենակալ ձեռքէն աներեւոյթ
կշիռ մը կայ երկնքէն երկրիս վերայ կախուած:
Նորա սուրբ անունն՝ Արղարաթիւն է, որ այս աշխարհիս
ազգերան մեղք եւ արդարութիւն կը կշռէ եւ կը չափէ
զհատուցումն: Մարդիկ զայն չեն տեսնար եւ կը վարանին թէ
ինչո՜ւ համար ազգեր մերթ կը բարձրանան եւ մերթ կը
խոնարհին, մերթ կը բարգաւաճին եւ մերթ կը նուազին:
Դորա պատճառներ զէնք եւ զօրութիւն չեն. այլ մեղք եւ
արդարաթյսն: Ուստի կասէ Սողոմոն. «Արդարաթիւն զազգ
բարձրացացանէ. մեղք նուազեցուցանէ զազգս» Աոակ ԺԴ. 84


ՆԱԽՈՐԴ դասին մէջ քաջ խլամտեցար, որդեակ իմ, թէ ի՞նչ էին մարդոյն ընկերական կենաց երջանկութեան սկզբնաբուղխ աղբիւրներ: Սորվեցար թէ բարութիւն եւ չարութիւն էր այն, որ յառաջ կուգայ մարդոյն սրտէն ինչպէս ջուրի վտակն աղբիւրի ակնէն:

Այս դասիդ մէջ պիտի սորվիս, թէ ի՞նչ են ապա այն սկզբնապատճառ աղբիւրներ, որով աշխարհիս բովանդակ ազգեր եւ ժողովուրդներ մերթ կը բարգաւաճին եւ մերթ կը նուազին. մերթ կը բարձրանան եւ մերթ կը խոնարհին մերթ ազատ քաղաքացի կը լինին, եւ մերթ ստրկական ծառայ, մտադիւր հոգւով ուշ դիր եւ ես խօսիմ քեզ այդ յեղյեղուկ բախտին պատճառներ։

Երկրիս համայն ազգեր, ժողովուրդներ, իշխանութիւններ եւ գահեր յեղաշրջող տարերք կան. միոյն անունն՝ արդարութիւն է եւ միւսին՝ մեղք. այս երկաքանշիւրին հեղինակ եւ ծնող դարձեաւ մարդն է, մարդոյն սիրտն է եւ մարդոյն աշխարհիս վերայ վարած կեանքին արգասիքն է։

Սուրբ գիրք այդ երկու որոշակի բառերով կը հասկացնէ Իսրայէլի ժողովուրդին կեանքը, զի այդ երկու բառերուն ընդարձակ նշանակութեան տակ կը փակէ մարդոյն կենաց բովանդակ գործքեր, մեղք եւ արդարութիւն։

Մարդն այս աշխարհիս վերայ այդ երկու ճանապարհին վերայ կը քալէ. կամ արդարութեան եւ կամ մեղաց։ Ուղիղ