Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/406

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րէնքներէն, որ գողութեան հետեւանքը՝ կախաղան է։ Ուսիր կեանքի փորձերէն, որ զրկանաց հետեւանքը՝ չարաչար հատուցումն է։

Շատ մի ծիծաղիր, հետեւանքն լաց է, եթէ սգաս ու համբերել գիտնաս՝ հետեւանքն մխիթարութիւն է։ Ամենայն օրինազանցութեան հետեւանքը միշտ պատիժ, անարգանք եւ կորուստ է, ինչպէս առաքինութեան հետեւանքը վարձատրութիւն եւ փառք է։ Եթէ աշխարհ արդարապէս չը վարի, ոչ օրինազանցին պատիժ տայ եւ ոչ արդարոյն վարձ, թո՛ղ յայնժամ քո դատաստանը երկնից արդարութեան, եւ դու առաքինացիր, զօրացիր բոլոր կեանքիդ մէջ. եւ հաւատա, որ ժամանակի պատահարներու հեղեղներ եթէ չառնեն ու բաղխեն զքեզ, դու անսասան, անկործան կը մնաս, երբ հաւատոյդ շէնքը՝ դու եւս Աւետարանի այն իմաստուն մարդոյն պէս, խորագիր վիմի վերայ հաստատես։

Թէ ժամանակի պատահարներ զքեզ տարուբերեն, դու անշարժ կաց. մի թերահաւատելով սասանիր, պատահարներ կուգան կանցնին. զի այս աշխարհ պատահարի աշխարհ է, հէք մարդ պատահարներուն տակ ճնշուած է եւ կարող չէ խոյս տալ. սորա համար Քրիստոս կարեկյելով մեր անպաշտպան խեղձութեան վրայ՝ սորվեցուց, որ աղօթենք առ Հայր. «Մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա ի չարէ»։

Աղօթէ, որդեակ իմ, յԱստուած ապաւինիր, եւ պատահարներ քեզմէ կը հեռանան։ Ուղիղ մտածէ, ուղիղ գործէ, ուղիղ ընթացիր, եւ պատահարներ քեզ չեն պատահիր։ Այլ մանաւանղ աղօթէ որ մարգոց պատահարին չը հանդիպիս։ Դաւիթ առաւել ընտրեց Աստուծոյ պատահար քան մարդոց, որ խստասիրտ են, ողորմիլ չը գիտեն. սորա համար քեզ միշտ լաւագոյն է որ Աստուծոյ ձեռքն յանձնուիս, եւ սրտեռանդ աղօթես Դաւթին բերանով. «Աստուած ապաւէն իմ եւ ես յուսամ ի նա»։