Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հարցուր, Թոռնիկ, միթէ կարելի չէ՞, որ գիւղացին իւր ամէն պէտքեր ինքն հոգայ. Ապրի՜սդ Թոռնիկ, այդ շատ մի խելացի հարցումն է, կը բաղձաս որ գիւղացին երբէք կարօտութիւն չունենայ քաղաքացւոյն։ Այո՜, այդ շատ դիւրին բան կերեւի, միայն թէ գիւղացին եւս գրել, կարդալ սովրի քաղաքացւոց պէս, միտք բացուի, մտածել գիտնայ եւ իւր չափով յառաջդիմէ. էն ժամանակ՝ նա կը մտածէ եւ քանի մի մտացի մանուկներ քաղաքացի դարբնին քով աշկերտ կը դնէ, քիչ ժամանակի մէջ լաւ կը սովրի, կը դառնայ գիւղ, մի դարբնի խանութ կը բանայ, ոչ միայն իւր գիւղին, այլ եւ շրջակայ գիւղերու համար կը շինէ, կը պատրաստէ պէտք եղած գործիքներ։ Թող այս, մեք մեր պարզ հագուստներն եւս կրնամք պատրաստել, քանի որ գիւղացին բուրդ եւ բամբակ ունի։ Թէպէտ մեր Վանայ երկիր բամբակի մշակութիւն չի յաջողիր, բայց Մուշ, Երղնկայ, Խարբերդ եւ այլ բազում գաւառներ բամբակի մշակութիւն բաւական յաջողած է։ Վանայ գիւղացւոց համար էլ բամբակ չի պակսիր, Պարսկաստանի մօտ սահմանէն բազում քանակութեամբ բամբակ կուգայ, Վանեցին կարող է առնել, մանել եւ կտաւ գործել։ Բայց աւելի լաւ է, որ գիւղացին իւր ոչխարի բուրդէն շաւեղէն բաներ գործելով իւր հագուստներ պատրաստէ։ Մանաւանդ ձմեռ ժամանակ, որ մշակութեան գործերէն կը դադարի, կարող է շալ գործել եւ ուրիշ արհեստներու պարապել, որ գիւղական ժողովուրդին համար կարեւոր եւ պիտանի են։

Շատ կը ցաւիմ Թոռնիկ, որ մեր Վանայ եւ Մշոյ գիւղացիներ շատ ծոյլ եւ անաշխատ կեանք կը վարեն, մանաւանդ քաղաքի շրջապատ գիւղերը, որ խումբ խումբ յաճախելով ի քաղաք, կը դեգերին գինետանը մէջ օրերով արբեցող եւ մոլի կը լինին: Ես չեմ ասեր որ աշխատաւոր գիւղացին զրկուի այդ վայելքէն, այն ինչ քաղաքացին աւելի չափազանց կերպով կը վայելէ։ Եւ գիտե՞ս դու բոլոր Վանայ եւ շրջակայ գիւղերու այգիներն գրեթէ երկու հարիւր հազար լիտր գինի կը լինի, եւ այդ ամէն Վանայ զուարճասէր եւ գինեսէր ժողովուրդ խմելով կսպառէ. եւ ի՞նչ անէ չսպառէ, վասն զի հետեւեալ տարին քացախ կը դառնայ։ Այգեպանք գինեգործութեան արուեստ չեն գիտեր, թէ գիտնային եւս դարձեալ անօգուտ էր. չեն կարող շահագործել, քանի որ փոխադրութեան միջոց չունին, ծովէն շատ. հեռու, ճամբաներ դժուարին եւ անհարթացած են։ Խնամատար