Հրեայ ուղեւորներն մոլեկրօնութեամբ իրենց սիրտը խստացուցին եւ չուզեցին տեսնալ անկելոյն աղէտը։
Երանի՜ քեզ, որդեակ իմ, թէ ազնուասիրտ լինիս եւ այս առակի օրինակէն Քրիստոսի քարոզած ընդհանուր ընկերսիրութեան եւ մարդասիրութեան օրէնքը սրտիդ մէջ խորագոյն դրոշմես, գթասիրտ գորովասիրտ լինիս, այս աշխարհիս հրապարակին վերայ անկեալ վիրաւորներ շատ կան, չէ թէ միայն ամայի լեռներու մէջ ուր աւազակաց որջերն են, այլ նոյն իսկ բազմաժողով քաղաքներու եւ շինութեանց մէջ. եւ ոչ զարկեր ձգեր է ի գետին.— զօրաւորաց զրկանք եւ հարստահարողաց ձեռք։ Երբ կը պատահին քեզ այդպիսի զրկեալներն, անկարեկից աչքո՛վ մի տեսներ եւ անցնիր առանց կատարելոյ ընկերսիրութեան պարտիքդ որչափ եւ կարող ես։ Աշխարհիս թշուառներ մի զններ թէ ով են, քո պարտիքն է թշուառին վերայ գթալ, քեզ ի՞նչ փոյթ նորա լեզուն եւ կրօն։
Յիշէ, որդեակ իմ, Յիսուսի վերջին պատասխանը, զոր տուաւ օրին ասէր դպրին, «Զայդ արա եւ կեցցես»։ Գնա կատարէ ընկերսիրութեան պարտիքներդ. եւ յայնժամ կապրիս դու։
Այլ աւա՜ղ, չը գիտեմ թէ մարդիկ ե՞րբ պիտի ճանչնան այդ մեծ բարոյական զօրութիւն, այդ երկնային զօրավիգ ձեռք, զոր Յիսուս տուաւ իւր հաւատացեալ ժողովուրդին եւ զայն այդ զէնքով զինուորեց, որպէս զի նա կռուի աշխարհի դէմ։
Բոլոր կեանքդ եւ քո անձն թէ Աւետարանին եւ թէ նորա քարոզած ընկերսիրութեան համար նուիրես՝ արժան է։ Սիրոյ մեծ օրինակ մեր առջեւէն անցաւ գնաց Գողգոթային գլուխ։ Սէրն ի սէր մարդկային ընկերութեան նուիրեց իւր անձն, եւ որ բանիւ կը քարոզէր զայն՝ արդեամբ կատարեց աշխարհին առաջ։ Տեսէք ու չափեցէք, մարդիկ. Մեծ քան զայս սէր ոչ գոյ. եթէ ոք զանձն դիցէ ի վերայ բարեկամին. ասաց եւ մեռաւ։