Ուստի ընկերսիրութեան մեծ պարտիք պէտք է համատարածի բոլոր մարդկային ընկերութեան վերայ, չխտրելով երբիք, ոչ ազգ, ոչ կրօնք, ոչ մեծ, ոչ փոքր, ոչ ծանօթ, եւ ոչ անծանոթ, այլ ընկեր համարել հաւասարապիս ամէն մարդ որ իւր նմանակից պատկեր կը կրէ։
Եւ այս ապացոյց՝ մի առակ բերեմ քեզ Աւետարանէն, որով ծայրագոյն ընկերսիրութեան օրինակը կուտայ Յիսուս իւր բոլոր հաւատացելոց։ Երբ կեղծող օրինական դպիր մի փորձելով զՅիսուս կը հարցանէր.— Վարդապետ, զինչ գործեցից, զի կեանս յաւիտենականս ժառանգեցից։ Յիսուս պատասխան կուտայ. Յօրէնս զի՞նչ գրեալ է եւ ո՞րպէս ընթեռնուս: Կը պատասխանի դպիրն. թէ՝ Սիրեսցես զՏէր Աստուած քո յամենայն սրտի քումմէ։ Յիսուս դարձեալ կը պատասխանի. Ուղիղ ետուր զպատասխանիդ. զայդ արա եւ կեցցես։ Պարծող դպիրն սկսեց կրկին անգամ հարցնել. «Եւ ով է իմ ընկեր՝. որպէս թէ չդիտէր։ Յիսուս յայնժամ ճշմարիտ ընկերսիրութեան՝ եւ սքանչելի առակով մի պատասխան տուաւ։
«Այր մի իջանէր յԵրուսաղէմի յԵրիքով, անկալ ի ձեռս աւազակաց» եւ այլն։
Դու շատ անգամ լսեր ու կարդացեր ես այս խորհրդաւոր առակը, որով Յիսուս ընդհանուր եւ անխտիր մարդասիրութիւն կուսուցանի, եւ աշխարհիս համայն մարդկային ազգը միապէս ու հաւասար ընկեր կանուանի։ Յիսուս Մովսիսի նման միայն Եբրայական ազգին մարդ չէրք որ խաբիր Եբրայեցին ու Եգիպտացին. այլ նա համայն աշխարհի, համայն ժողովրդոց մարդն էր: Նա չը գիտիր երբիք Հրեայն եւ Սամարացին խտրել։ Այնպէս կը թուի թէ այդ հարցարան օրին ասիր դպիրն Հրեայ իր, որ զՍամարացին մահու չափ կատէր. Քահանայն եւ Վեւտացին եւս Հրեայ էին. որք ճամբու վերայ ինկած անյարիր արիւն շաղախ վիրաւորը տեսան եւ առանց երբիք կարեկցելու՝ անցան գնացին։ Չը գիտենք թէ աւազակներէն հարուածեալ անձն ի՞նչ ազգի էր. Յիսուս նորա ազգի անունը կը պահի եւ կը յիշէ միայն անկեալ թշուառին կարեկցող մարդ որ բնիկ Սամարացի էր, եւ իսկոյն գթացաւ խեղճին վրայ, պատեց ու դարմանեց նորա վէրքը։
Ով գիտէ, գուցէ անկեալ վիրաւորն եւս կամ Սամարացի էր եւ կամ անծանօթ մի անձն, սորա համար այդ երկու անցնող