|
Վան վառուեցաւ, որ իմ եւ քո բնակասնանդ հայրենիքն է. անշուշտ մեր ազնիւ սիրտն եւս մեր կարեւէր սրտին հետը վշտահար եղած է:
Այդ քաղաքաւեր կրակին հաճար, որ անխնայ այրեց լափեց մեր հայրենեաց կեանքը, ես մի կաթ ջուր պատրաստեցի, չէ թէ այրած ժողովուրդին մորմոքեալ սրտին ջուր տալու ճտքով՝ զի դորա հաճար գետեր եւ ծովեր պէտք են՝ այլ մի միայն Վանայ դպրատանց աղքատիկ մանուկներան ծարաւն ու պապակը զովացնելու հաճար:
Սոյն իմ արտասուաց մի կաթիլ ջուրը ձեր բարեսիրտ ազնուութեան կը յանձնեմ, որ զայն ձեր օգնական ջանիւք առատացնեք, այսինքն մամուլին տալով հոգայք տպագրութեան պէտքը, որոյ դուզնաքեայ արդիւնք նուիրենք հետ քեզ մեր հայրենեաց այն կարօտ մանակներուն՝ որք այսօր անդպրոց, անգիրք եւ անթուղթ մնացին: Այս փոքրիկ բարոյական հացի նկանակը մեք մատակարարենք, զի մեր բաժին է. իսկ հանապազորդական հացն թողումք թող Աստուած հոգայ, ոչ միայն տղայոց այլ եւ հարցն ու մարց: Ո՜հ, հայրերը չքաւորութեամբ կը հեծեծեն տան մէջ. գոնէ զաւակներ մխիթարուին դպրոցին տաճարին մէջ: Շէն քաղաքի մի վաճառանոցի խանութներ փակուեցան, չթողումք որ դպրոցներն էլ փակուի, մինչեւ յիշէ Աստուած եւ այցելութիւն լինի տառապեալ ժողովուրդին:
25 Յունուար 1877