Ո՜ տայր ինձ, ո՜հ, գեղեցիկդ Վան, Վասպուրական աշխարհի զարդն ու պսակ, որ աւերակիդ աճիւնացեալ մոխրին վերայ նստելով՝ արժանի լինէի զքեզ եւ քո որդիքներդ ողբալ, ինչպէս որբախօս երեմիան, որ լայր եւ կոծէր այրիմայր եւ գերեվարեալ Երուսաղէմի վերայ։
Որդիքներդ գերի չը գնացին ի Բաբիլոն, այլ Նոյն իսկ հայրենեաց երկրին ու գրկին մէջ աղքատութեամբ ստրկացան ու գերեցան, հաց՝ որ նոցա կեանքն էր, խլեցին զայն ու քանդեցին վաճառաշահութեան ագարակն, եւ այժմ դու համակ որդիքներովդ մնացիր անօթի եւ նուաղեալ։
Մի՛ լաք, դիեցիկ մանուկներ, մի՛ կոծէք, կաթընտու մայրեր, թէ հացն ու կաթ պակսեցաւ մեր երկնաւոր Հօր, գութ, որ ճնճղուկներ կը հոգայ՝ զձեզ չի մոռնար. շուտ կանցնին ձեր սգոյ իրիկուն ու գիշեր, եւ առաւօտ ուրախութիւն կողջունէք։
Պատահար քո՝ երկնից պատահար չէր, այլ Նոյն իսկ քո երկրէն եւ քո մէջէն. հին դրացի քաղաքացիներդ գրաւեցին զքեզ. նոքա՝ որ քեզ հետ կուտէին հայրենի սեղանէն, նոքա՝ որ քո ճակատին քրտանց վաստակով լիապէս կը յագենայն, ո՜հ, անխնայաբար ոտնակոխեցին բարելից հացի սեղանդ.
Այսուհետեւ զարդիւնս ձեռաց իւրեանց կերիցեն։
Ես գիտեմ, հաց՝ քո զօրութիւն եւ հոգին էր, եւ այն իսկ էր միայն որ յառաջդիմութեանդ զօրավիդ կը լինէր եւ դու կը քալէիր այնչափ, որչափ մանուկ մի նոր ոտք ելած։ Արդեօք տնակից եղբայրներդ նախանձեցա՞ն, հացն ու վաստակ ձեռքէդ կորզեցին, որպէս զի դու առ քաղցի ուժաթափիս, ոգիդ եւ ջիղերդ թողնան, ծունկերդ կթոտին, եւ այլ եւս չկարենաս յառաջադիմել դէպ ի յուսոյն ասպարէզ եւ լալագոյն կեանք։
Բայց ի՞նչ էր քո դուզնաքեայ յառաջդիմութիւն, ես գիտեմ ու կը ճանաչեմ զքեղ. որդիքներուդ կէս մասն պանդխտութեան մէջ մաշելով կը մաշին, կէս մասն եւս այդր բիւր զրկանօք հանդերձ հազիւ կը հայթայթեն իւրեանց ապրուստն ու պարէն. միթէ առ ա՞յդ եւս մախացաւ երիցագոյն երբայրդ եւ հին ու մոլար քաղաքականութեան դատաստանով վնասակա՞ր համարեց:
Եթէ այսպէ՜ս, ափսո՜ս, նա քան զքեզ առաւել տուժեց ու