արշաւեցին, քանդեցին, հողաբլուր դարձուցին ամուր ամուր քաղաքներդ, խրամատեցին բոլոր այգեցանկերդ, զքեզ ճռաքաղ արարին, կայտառ որդիներդ մինչեւ ի Խուժաստան եւ Շահաստան գերի վարեցին։
Օրհնեալ ես դու, Հայոց աշխարհ. որչափ քանդող թշնամոյն ձեռք կը ջանար զքեզ իսպառ ճռաքաղ առնել եւ որթերդ յարմատէն յօտել, դու անդրէն նոր նոր ուռեր տալով կը բողբոջէիր։ Հաւատա՛ դու, Հայո՜ց աշխարհ, թէ Աստուծոյ օրհնութիւնն էր որ միշտ անապական պահեց քո ճիռերդ. զի դու Քրիստոսի ճշմարիտ որթին վերայ հաստատուած ես։
Բայց դարձեալ ողբամ զքեզ, անտէրո՜ւնջ ժողովուրդ Հայոց. զի քո մնացորդ ճիռեր անխնայ ճմլեց ժանտ եւ ժպիրհ Քիւրտ. սորա համար քո կեանք՝ թէ՛ առաջին եւ թէ՛ վերջին, միշտ ողբերգութեամբ լի է. Մովսէս չէ միայն որ զքեզ կ՝ողբայ. Եղիշէն, Ղազարիկ, Լաստիվերացին, Մեծոփեցին, Առաքել պատմագիր, այս ամէն իրենց ժամանակին մէջ զքեզ ողբացին, ո՜հ, ես էլ քո ողբերգուն եմ, երանի թէ յետինն լինէի, եւ այլ եւս չծնէր քեզ ողբերգու, այլ եւս անպահապան այգիդ ճռաքաղ չլինէր. երթայր եւ այլ եւս չդառնայր անդրէն քո տառապանաց տարին եւ ժամանակ։
Բայց դարձալ եւ բարկութեամբ դարձաւ, երբ Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը Արեւելքը կողջունէր, երբ Թուրքաստան Սահմանադրութիւն կը հրատարակէր, երբ պանծացող տասնեւիններոդ դարը՝ գիտութիւն, լոյս, ազատութիւն եւ ազգաց իրավունքներ կը քարոզէր, եւ երբ դու ինքնավար Սահմանադրութիւն ունէիր, կը հրճուէիր յուսով նորաքայլ յառաջդիմութեանդ մէջ։
Իբրեւ սրաթեւ արծուի, իբրել ճախրաթել բազէ յանկարծ հասաւ ու դարձաւ քո վերայ տառապանցդ օր, սեւ օր, սեւ գիշեր էր այն, եւ իբրել ծննդական մօր՝ ցաւոց երկունք զքեզ ըմբռնեց, դու արդ կը հեծես եւ ճիչ կը բառնաս, յոյսդ երկոտնաց մէջ է. կամ կը ծնիս ողջամբ ի նոր յազատութիւն, եւ կամ կը մեռնիս այդ մահացու վէրքեբովդ. անէծք այն ձեռաց, որ քո հանգստարանի գերեզման կը կնքէ թէ այլ եւս ո՜չ գոյ Հայն ու Հայաստան։
Ի՞նչ անբախտ եւ թշուառ ես դու, մա՜յր, թէ մեռնիս այժմիկ. երբ ուրիշ մայրեր եւ ազգեր ՝ի նոր կեանս կը վերածնին.