մեղադրել զինքն, զի Քիւրտն իր դաւանակից ժողովուրդն է՝ առանց գրի եւ Գուրանի, եւ քան զՀայն բիւր անգամ յարգի։
Այլ միթէ զինուոր անթոշակ կը զինուորի՞, Քիւրտին հացն ու թոշակ ի՞նչ էր զինուորող ձեռքէն.— ոչինչ, այլ միայն այս բան «Գնացէ՜ք եւ ձեր թոշակն ու հաց ձեր ձեռքով հոգացէք»։ Եւ ուստի՞.— Հայոց գեղերէն ու ժողովուրդէն։
Այս անարդար դատաստանին մէջ Քիւրտ կարդարանայ Աւետարանին ու Գուրանին առաջ, եւ ես նմա իրաւունք կուտայի, եթէ Քիւրտն միայն իւր պէտքերը հոգար, հիւրարար վարուէր, գիւղացւոց Հացն ուտէր. թէ հեծեալ էր, ձիոյ դարման խնդրէր, ելնէր եւ ուղղակի ի բանակ երթար։
Քիւրտն այսպէս չվարուեցաւ. եւ այնպիսի սոսկալի խժդժութիւններ գործեց նա, որ աշխարհի պատմութեան մէջ ոչ գրիչ գրեց, ու բերան խօսեց եւ ոչ մարդոյ ականջ լսեց։
Կասեն թէ Լէնկթիմուր Հայոց աշխարհ արիւնով լուաց. Լաւագոյն էր թէ Քիւրտն եւս արիւնով լուանար։ Կասեն թէ բռնաւոր Ալփասլան մի անօրինակ վրէժխնդրութիւն մտաբերելով Անւոյ մէջ արեան աւազան մը կազմեց, Հայոց ջերմարիւն երիտասարդներ ոչխարի նման մորթելով լցոյց զայն, ու մտաւ նորա մէջ ինչպէս ի լոգարան, եւ այսպէս շիջոյց իւր սրտին զայրոյթը: Երանի՜ թէ Քիւրտն եւս իբրեւ արիւնախանձ ինձ՝ արիւնով միայն շատանար։ Կդասեն թէ խորամանկ Շահապասն մինչ ի գերութիւն կը վարէր Այրարատայ աշխարհի որդի քներ, տասներկու հազար հոգի Երասխին մէջ թափեց։ Հազար անգամ երանի թէ Քիւրտն եւս այդպէս գործէր. Հայոց կիներ եւ կոյսեր նոյն Երասխայ ծոցին մէջ թափուէին, ալիքներ առնէր տանէր ու ծածկէր նոցա առականքը։
Դստե՛րք Հայոց, բիւր երանի՛ կուտայի ձեզ թէ նոր Շահապաս մի դար զձեզ ի գերութիւն վարէր, եւ դուք երթայիք միահամուռ եւ կամակար թափուէիք Երասխայ գետին մէջ, գետն զձեզ գլորէր տանէր ի Կասպիական ծով, ծովն ձեզ գերեզման լինէր, իւր խոր անդուդին մէջ ծածկէր ձեր մերկութիւն, քան թէ կուսական արեան մէջ թաթախելով նշաւակէր զձեզ վատշուէր Քիւրտին վայրագութեան։
Հայոց լերանց մտերի՜մ էրէվայրիք, եւ դուք իսկ վայրենի՝ գազաններ, բացէ՜ք ձեր որջեր, ցո՜յց տուէք ձեր մութ խորշեր, հիւրասիրեցէ՛ք Հայոց փախուցեալ կիներ եւ կոյսեր, որ մար-