կեանք անարատ պահեցին, որոց չնաշխարհիկ առաքինութեան հանդէսը ճառագրելով կը հռչակէ սուրբ Եղիշէ վարդապետ։
Մո՛վսէս, Մո՛վսէս, Բագրեւանդայ վիճակին ծերունի հովիւ, դու զՀայոց աշխարհ եւ քո ժամանակ ողբացիր եւ ի հող մտար հանգչեցար, այլ եւս չգիտես թէ քո անթագ անգաւազան ստրկացեալ հայրենեացդ ողբեր դադրեցա՞ն։
Ո՛չ, ո՛չ. տասն դար անցաւ, տակաւին ողբերդ դառնապէս կը նորոգուին, դու այժմ գլուխդ գերեզմանէդ ի վեր առ, տես քո սիրելի հօտին վերահաս աղէտները, քանասար գայլերուն ոհմակ յարձակեցաւ, գառներդ կոտորեցին, որոց յորդահոս արիւն՝ շիրիմդ կողողեն եւ կ՝իջնան մինչեւ ի խոր տապանիդ հեծող ոսկորներդ։
Դու ինչպէս տեսնալով կողբագրէիր, արդ եւս արհաւիրք անհնարինք պատեցին Հայոց աշխարհ, մարտ թէ ի ներքուստ եւ թէ արտաքուստ զմեզ պաշարեց, հայրենիքը թափուրացաւ, մնացորդ որդիքներուդ կէսն թողլով բնակա սնունդ երկիր՝ գաղթական գնաց, կէսն եւս անխնայ կոտորուեցան սուրբ կրօնին համար եւ Հայոց հաւատին համար։
Եփրա՛տ, Եփրա՛տ, մկրտարա՛ն սուրբ Գրիգորի հոգեծին որդւոց, ափունքներուդ վերայ ինկած դիակները արեան հեղեղներ թաւալգլոր բերելով քո ծոց կը թափեն, եւ դու տուր ալիքներուդ թող գլորէ տանի մինչեւ Ովկիանու ափունք. Հայոց աշխարհի անմռունչ բողոքն է այդ։ Կը լսէ՞ արդեօք եւ կը տեսնա՞յ աշխարհի արեան հանդիսատես խաղաղասէր Լոնտոն, թէ ա՞յդ է շահ մեծին Անգղիոյ, որ քան զինքն յառաջ Աւետարանին հաւատացող որդիքներ տարապա՞րտ մեռնին։
Բագրեւանդայ փոքրիկ հօտին փոքրիկ հովիւներ, ո՞վ քահանայք, թէ ողջ մնացեր էք՝ առէ՞ք ժամհարներ հետ ձեզ, գնացէ՞ք շրջեցէք քաղաքի փողոցներ, տներ եւ տան մութ խորշեր որոնեցէ՛ք, շըջեցէ՛ք նաեւ գեղերու եւ դաշտերու մէջ, ժողվեցէ՛ք ուր եւ ցտնէք Հայոց անթաղ մեռելներ, զի մեռելներոո տէրերը թողին ու փախան, ծնողք փախան՝ զաւակներ թողուքին, զաւակներ փախան՝ ծնողք թողուցին, նոյնպէս անբաժան սիրելի ամուսիններ սէրը մոռցան, զիրար թողուցին ու փախան։
Մի մի կամ ուրոյն ուրոյն գերեզման մի՛ փորէք այդ անտէր մեռելներուն, այլ բոլոր միահամուռ խոր վիհերու մէջ թաղեցէք, միայն խաչքարէ նշան մի կանգնեցէք հողակարկառին