մեր աշխարհ եւ մեր նախնիքներ վառեր ու մոխիր դարձար։
Բարդուղիմէ, Բա՛րդուղիմէ, Հայոց նախկին լոյս ու լուսաւորիչ, ո՞ւր ես. տարա՜ն, տարա՜ն քո փոքրիկ հօտն ու ժողովուրդ, որ քո հովանեաց տակ եւ գերեզմանիդ շուրջ կը բնակէր։ Կողոպտեցին ու քանդեցին հազարամեայ հնաշէն վանքդ. այդ բաւական չէր, յանդգնեցան պիղծ ձեռքեր փորել ու կրկտել հազար ութ հարիւր տարուան կնքուած տապանդ, այդ յիմար եւ ապիրատ ազդ կարծեց որ գերեզմանդ գանձերով լի է կամ սուրբ ոսկորներդ ոսկի դարձեր են։
Այլ եւս ինչ որ գիտես ու տեսար, պատմէ մեզ, ո՛վ Լուսին, Հայոց աշխարհի ցաւեր եւ աղէտներ մեղմ է մի ծածկեր։ Կ՛ասեն թէ մեր հաւատոյ ոսոխն ու թշնամին... երբ Բագրեւանդայ կոտորածէն յետս կը դառնար, գեղեցիկ կիներ ու կոյսեր ընտրելով առաւ տարաւ իւր բանակին հետ, տարաւ փակեց Խիզանու գաւառին մէջ, ուր այդ չարաշուք գազանին որջն է. ուր ի սկզբանէ անտի սովորած էր միշտ Աւետարանի հօտէն հանել ու խառնել իւր ցունդերուն հետ։
Լէնկթիմոորի գերեզմանի որդերէն ծնած ո՛վ չարաճճի սողուն, կրծելով կրծեցիր Հայու միսն ու ոսկոր, օձանման սողալով մտար Հայոց դրախտը, ամէն ծաղիկներ եւ կանաչ բոյսեր պղծելով ապականեցիր, չարչարեցիր Աստուծոյ խոնարհ ժողովուրդ, եւ ասացիր դու ինքնին թէ՝ ոչ կը տեսնայ եւ ոչ ի միտ կառնու Յակովբայ եւ Գրիգորի պաշտեալ Աստուած։
Իմացի՛ր, իմացի՛ր, ո՛վ անմիտ եւ անզգամ, թէ արդար դատաւորն Աստուած իւր ծառաներուն վրէժխնդիր է, եւ նռդա անպարտ արիւն պիտի խնդրէ քու ձեռքէն. կը մեռնիս եւ ի դժոխս կիջնաս, նոյն գերեզմանի որդունք՝ յորմէ ծնար դու, եւ զքեզ պիտի ուտեն ու կրծեն. պիտի փշրին սրաժանի ատամունքներդ, զորս կը կրճտէր հաւատացեալ ծառաներուն վերայ։
Ո՛հ, Հայո՜ց աշխարհ, ո՜հ, աղէտներդ անբաւ անկշիռ են, զորս կրեցիր դու այս նոր Լէնկթիմուրի ձեռքէն։ Ես ուշամոռաց եզայ եւ չգիտեմ թէ զո՞րն ողբամ։ Քանդուած գեղե՞րդ ողբամք վարատեալ ժողովո՞ւրդ ողբամ, ի սար եւ ի ձոր թափառական ընտանիքնե՞րդ ողբամ, հայրենիքէն վարեալ գաղթական որդիքներդ ողբամ, յափշտակեալ կիներդ եւ կոյսերդ ողբամ, քանդուած վանքերդ եւ պղծեալ տաճարներդ ողբամ, անհաց, անապրուստ, անճարակ ու թշուառ կեանքդ ողբամ, վաստա-