Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/440

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տուր Հայոց աշխարհէն, յո՜ւր տուր մեր թշուառ ընտանիքներէն, ո՞վ մեռաւ, ո՞վ մնաց, ո՞վ գերեցաւ եւ ո՞վ թողուց հայրենիք՝ գաղթական գնաց։ Թողուց իւր հասած հունձեր, թողուց իւր հօտն ու նախիր, թողուց իւր կեանքն եւ ամենայն ինչ։ Մերկ, կողոպուտ գնաց, ասաց թէ՝ անցնիմ այս կարմիր ծովէն եւ միանգամ ազատիմ չարչարանաց աշխարհէն։

Ո՜վ Լուսի՜ն Լուսին, Մասիսի գագաթէն անցա՞ր, զաչերդ շուրջ ածիր, Արագածի ոտքւ՝ էջմիածնայ պարսպին տակ թափած Հայոց գաղթական ժողովուրդն տեսա՞ր որպէս յաշնանավերջին ծառերէն թափուած դեղնած տերեւներ. դիտեցի՞ր նոցա ապաժոյժ վիճակ, տեսա՞ր այն գետնի վերայ նուաղած ու թալկացած մայրեր, որոց ցամքած կուրծքերէն կախուեր էին դիեցիկ մանուկներ, նոքա կական բառնալով կաթ կը խնդրէին եւ մայրեր զհաց։

Ո՛վ Հայր ու Հայրապետ Հայոց, էջմիածնայ վեհարանի լուսամուտէն կը դիտէ՞ք դէպ ի Բագրեւանդայ կոտորածի դաշտ, թէ կ՝ասէք հեռու է աչքէս եւ կարճ է իմ ձեռքս. ուրեմն թողէ՜ք մեռելոց դաշտը դարձուցէ՛ք ձեր աչքը գաղթական ժողովուրդին վերայ, որ կենդանւոյն մեռած ու թաւալած են էջմիածնայ պարիսպներուն տակ։ Է՛ջ, այտի, դու ինքնին հայրական գորովովդ մատակարար եղիր, դոքա սուրբ Գրիգորի մնացորդ որդիքներն են, տե՛ս, ի՞նչպէս մերկ, կապուտ կողոպուտ, անինչ անստացուած ձեր հայրական գիրկ դիմեր են, հաց կհուզեն, հանդերձ կուզեն, հանգստարան կ՛ուզեն, ժողովէ, պատսպարէ զիրենք Այրարատայ ծոցին մէջ։ Դոքա Եփրատայ ակներէն եւ Նպատ լեռնէն կուգան, Երասխէն, Արագածէն եւ Մասիսէն պաշտպանութիւն կը խնդրեն, ո՜հ, չգիտեմ թէ կը գտնե՞ն՝ թէ յուսով կը թափառին։

Ո՛վ իմ լրացեալ լուսին, Վասպուրական աշխարհի Աղբակու գաւառէն անցա՞ր, եւ ի՞նչ տեսար, ես քան զքեզ յառաջ գիտեմ այդ, դու պատմէ մեզ։ Պարսկական Քրդաց հրոսակներ յարճակեցան, աւարեցին տարան բոլոր Հայոց գեղեր։ Անճարակ ժողովուրդ երբ մերկացաւ իւր կեանքէն եւ գոյքէն, շուարեցաւ մընաց. ասաց թէ ո՞ւր երթամ, ո՞ւր ապաստանիմ, գէթ, հոգիս ազատեմ. երկու կրակին մէջ մնացի եւ կը խորովիմ։ Ո՜հ, ակամայ ընտրեց նա թողուլ քաղցր հայրենիք՝ գաղթական երթալ, կամովին ձգել զինքն Պարսկական հին կրակին մէջ, որ երբեմն