պատերազմի դաշտերէն Կրուբի ահեղ թնդանօթներ կորոտան հրալից գնդակներ կը թափեն, մի խուն վայրկենի մէջ մողովուրդի կայտառ դաւակներ բարդ ի բարդ որայի նման մահուան ագարակներու մէջ կը թոթափեն, եւ դու չես տեսներ եւ չես իմանար:
Հայեաց եւ տես, ով Տէր, թէ ի՞նչպէս Սպիտակ եւ Սեւ ծովերու կատաղի կոհակներ զիրար կը բաղխեն, հիւսիս եւ հարաւ հակառակ հողմերով փոթորիկներ կը հանեն, երկուստեք սեւ սեւ ամպեր կ՛որոտան, բարկճայթ կարկուտներ կը թափին, աշխարհիս մարդկութեան ծառերն ու ծառաստաններն ջարդուելով լեհուելով տապալեցան ՛ի գետին։
Երբ այս ծովեր կը խռովին ու ցամաքն եւս արեան աչքներով կը ծփայ, ի՞նչ կը խորհի եւ կը գործէ Խաղական Ովկիանոս,— ներքուստ միայն կը մռնչէ նա եւ ուրիշ ոչինչ։ Իւր խուլ եւ անորոշ ձայնէն միայն այս կը լսեմքէ որ կասէ, գնացէք, կռուեցէք, ինձ ոչինչ է փոյթ, միայն թէ հեռո՜ւ հեռո՜ւ, իմ շահուս մի՛ դպիք, ապա թէ ոչ եւ ես կը յուզուիմ։
Ո՛վկիանէ, Ո՛վկիանէ, որ կր պարծիս թէ ամէն ծովերէն մեծ եւ հարուստ եմ, որ կը քարոզես թէ մարդասէր եմ, խաղաղութիւն կը սիրեմ, Աւետարան կը սիրեմ, եւ յաճախ կը կարդաս Յիսուսի այս բան «Երանի՜ խաղաղաց արաց, զի նոքա որդիք Աստուծոյ կոչեսցին.»։
Երկնից աչք կը տեսնայ, գիտէ եւ կը քննէ քո խոր երիկամունք, իսկ աշխարհի առաջ չքմեղս լինելով ստէպ ստէպ յայտարարեցիր, թէ տքնեցայ ու ջանացի որ խաղաղութիւն հաստատեմ, բայց ընդունայն համարեցաւ իմ ջանք, ձեռքս լուացի եւ ասացի թէ քաւեալ եմ ես այդ պատերազմի արենէն, եւ դու սառն աչքով կը դիտես այստի այժմ արեան դաշտին վերայ։
Ո՛վ դահերու դատաւոր Աստուած, կը տեսնաս դու, Արեւելեան խնդիր մի կայ աշխարհիս վերայ, որ Գորդեան հանգոյց դարձեր է, այս քանի՞ ամ է, որ այդ խնդիրը աշխարհները կը խռովէ, ժողովրդոց խաղաղաւթիւնր կը բառնայ. Եւրոպիոյ գահերն ու դիւանագէտք չկամեցան կամ չկարացին լուծել զայն, զոր հին դիւցազն Աղէքսանդր մի հարուածով ընդ մէջ կտրելով լուծեց այդ հանդոյցը։
Իսկ նորն ասաց, ի բա՜ց կացէք, ձեռնամուխ մի՜ լինիք,