կան օրէնքով եւ արքունի գրոց համեմատութեամբ բաժին եղած է իւրաքանչիւր ընտանեաց վերայ։
Բայց դու եկ տես Թոռնիկ, որ շինական ժողովուրդ այնչափ ագահ է հողի մասին, որ չեմ կրնար պատմել, ինչպէս աշխարհիս հարուստ գանձատերեր եթէ լեռան չափ ոսկիներ դիզեն՝ դարձեալ բաւ չեն ասեր, այսպէս հողագործ Ժողովուրդ որչափ ընդարձակ հողեր ունեն այ իւր ձեռք, հերիք չասեր միշտ անկուշտ է եւ հետամուտ է հող ունենալ։ Եթէ մի տուն քսան կամ երեսուն արտ ունենայ՝ դու տես գիւղացւոյն հաշիւը, կասէ ինքնին ասեն տարի տասն արտ կը ցանեմ, մնացնողներ կորդ կը թողում. որ աւելի արդիւնք տան։ Ահա քեզ առաջին պատճառ իւր ագահութեան, եւ ցաւալի է, որ մեր գիւղացիք արտ զօրացնելու համար, միայն մի միջոց գիտեն, այն է կորդ թողուլ: Բութ է միտքը, նա չէ կարող մտածել թէ հող պարարտացնելու համար կան շատ ուրիշ զանազան միջոցներ. թողանք արուեստին սորվեցուցածը, նա իւր դրան առաջ եւ գիւղին մէջ դէզադէզ եղած աղբերուն պիտանութիւն էլ չի գիտեր։ Թող այս, մեր մշակ ժողովուրդ հողի ագահութեան հետ ունի նաեւ սաստիկ տենչ, այն է շատ վարեմ շատ ցանեմ եւ շատ արդիւնք ստանամ, խեղճ տնտեսագէտ չէ, թուաբան չէ որ գիտնայ հաշուել, թէ շատ վարուցանի հետեւանքն այն է, որ աշխատութիւն բազմապատկելէն յետոյ՝ բազում ծախքեր եւս կը յաւելու։ Թուեմ քեզ, Թոռնիկ, վարելու աշխատութիւն, ցանելու աշխատութիւն, մանկեռի դժնդակ աշխատութիւն, աշնան եւ ամրան ջրելու աշխատութիւն, հնձելու աշխատութիւն, արտէն ի կալատեղ գրելու աշխատութիւն, բարդէ այս բոլոր աշխատութեանց վերայ մշակներուն օրավարձք։ Զարմանալին այն է որ հողագործ տանուտէր իւր տան ընտանեաց եւ զաւակաց աշխատութիւն երբէք հաշուի չի դներ։
Եթէ գիւղացին այսպէս կը մտածէ եւ կր գործէ զարմանք չէ, Թոռնիկ. հապա մեր Հայոց վանքերու վանական եղբայրներ որ գրել կարդալ գիտեն եւ ընդարձակ հողեր ունեն մշակելու, ոչինչ առալելութիւն ունեն գիւղացի ժողովուրդէն. նոյն խելքով եւ նոյն կերպով է իրենց երկրագործութեան եղանակ։ Որոց պարտիքն էր գոնէ փոքր ի շատէ յառաջ տան էին մշակութեան գործեր, որով կարող կը լինէին թեմական գիւղերուն օրինակ տալ։ Թէպէտ խոստովանել պէտք է, մինչեւ ցարդ չեղալ վանօ-