ծես որ Պապկի չափ բան գիտես, ես յիսուն տարի է որ լսելով տեսնելով եւ փորձառութեամբ կը սորվիմ։ Ես քեզ պէս դպրոց չեմ մտեր, բայց աշխարհի բաներ, աշխարհի մարզիկներ ինձ համար դպրոց են եւ ես դեռ կը սորվիմ այս ծերութեան ժամանակ, այն ինչ դու նոր դպրոցէն ելար կը կարծես թէ ամէն բան գիտես. դեռ քեզ շատ հաց պէտք է որ ուտես եւ Պապկի չափ բան գիտենաս։ Պապիկդ բաւական յիշողոլթիւն ունի, ով գիտէ քանի տարի յառաջ երբ Հայրիկ Վերգիլիոսի այդ տողերը կը բացատրէր աշակերտներ ունես մտիկ անելով միտքս պահած եմ։
Երանի՜ թէ հին Հռովմայեցւոց պէս կարենայինք մեր արտեր մշակել։ Վերգիլիոսի խրատէն այս կուսանիմք, թէ պէտք է հողն աւելի դարձնել, զի որչափ հողը տակն ի վերայ շրջուի. այնչափ աւելի պտղաբեր կը լինի, վասն զի էն ժամանակ հողն հաւասարապէս կեփի արեւուն առաջ, տակի հողեր խում չեն մնար, մանաւանդ ցուրտ կլիմաներու տակ այս դրութիւն շատ կարեւոր է։ Վանայ գիւղացիք այս մասին շատ անգէտ են եւ անփորձ, մինչդեռ Խարբերդու, Կարնոյ եւ Բասենու գիւղական ժողովուրդ աւելի բանգէտ եւ փորձառու է. երբէք աշխատութիւն չի խնայեր իւր միանգամ վարած արտը երկու անգամ երեք անգամ եւ մինչեւ չորս անգամ հարօրավար անելով հողը շուռ տալ։ Կարծես թէ ինչպէս կերակուր կրակի վերայ խառնելով հաւասար կեփի, այսպէս խելացի գիւղացին փորձառութեամբ հասկցած է թէ քանի անգամ որ հողը արեւուն առաջ դառնայ եւ շրջի, այնչափ աւելի բուսական զօրութիւն կառաւելու եւ այդ աճողական զօրութիւն ցանուած սերմին կուտայ. որով կրկնապատիկ եռապատիկ արդիւնաբեր կը լինի արտն։
Բայց դու հարցուր, Թոռնիկ, թէ ինչո՞ւ համար Վանայ գիւղացիք միանգամ միայն կը վարեն արտ եւ չեն հետեւեր միւս գաւառացւոց փորձառու օրինակին։ Դորա պատճառներ շատ յայտնե է, Թոռնիկ, եւ ես կուզեմ մանրամասն պատմել քեզ վասն զի այս դասը՝ իմ դասերուս ամենակարեւոր մասն է։
Կը տեսնաս Թոռնիկ. որ մեր Վասպուրական երկիր յոյժ ընդարձակ է, շատ արօտական դաշտեր, լեռներ, հովիտներ, ձորեր եւ մշակելի հողեր ունի. ջուրն էլ նմանապէս շատ առատ է. սորա համար մեր գիւղական ժողովուրդ շատ հարուստ է հողով՝ եւ իւրաքանչիւր տուն մեծ հողաբաժիններ ունի, որ հին գիւղա—