Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/60

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շուտ գայ, եւ ինքն կարենայ Մարտ ամսուն մէջ կամ Ապրիլի սկիզբը գարնանացանի գործը աւարտել, որպէս զի անձրևւներուն կարգ չանցած՝ սերմ հողին մէջ գտնուելով շուտով բուսնի եւ զօրանայ։

Մեր երկրագործներ շատ մեծ յոյս չունին գարնանացանի յաջողութեան մասին, սորա համար սակաւ կը ցանեն, միշտ ցանքին մեծագոյն մասն աշնանացանքն է, որ սովորաբար կսկսի Օգոստոս ամսոյ կիսին, եւ այս ցանք կը տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր եւ մերթ եւս կանցնի։ Լաւագոյն է Սեպտեմբերին սկսելով հերկուած արտեր ցանուին, փորձուած է որ առաջին ցանուած արտերն աւելի կը յաջողին, վասն զի շուտով կը ծլեն եւ կը բուսնին եւ արմատ ձգելով կը զօրանան, քանի որ արեւուն զօրութիւն եւս նուազած չէ՝ բաւական կը կանաչին մինչեւ աշնան վերջ ձիւն կուգայ կը ծածկէ, եւ գարուն գալու պէս կաճին կը բարձրանան ցորենի ցողուններ, հասկեր կը կապեն եւ գրեթէ երեք ամսէն յետոյ Յուլիսի սկիզբներ մանգաղ ի հունձ կը մտնայ, վասն զի աշնանացան սերմ ամենին շուտ կը հասնի, եւ գարնանացան ամենին վերջի հունձքն է։

Գարնանացանին եւ աշնանացանին զատ մի ուրիշ ցանք եւս կայ, զոր աշնան վերջեր կը թողուն, էն ժամանակ կը ցանեն, որ ձմեռնամուտ կը մօտենայ գետին կը սառի եւ այլ եւս սերմին հատիկներ ոչ կը ծլին եւ ոչ կը բուսնին, այլ այնպէս կը մնան հողին մէջ առանց աճման եւ գարուն գալուն պէս իսկոյն կը բուսնին գարնանացանին առաջ, որովհետեւ արդէն ցանուած ու պատրաստ են եւ սերմեր կակղացած ու ծլած. մինչդեռ գարնանացան անձրեւներու եւ օդերու պատճառաւ ամէն տարի չի յաջողիր, որ շուտ բուսնի։

Կարծեմ բաւական է, այսչափ միայն գրելով սերմի ընտրութեան եւ սերմ անացանի մասին, այժմ պիտի խօսիմ, ջրոյ եւ արտօրէից ոռոգման վերայ որ արմտեաց առատութեան մի կարեւոր միջոցն է։