Ը.
ՋՈՒՐ
ԵԻ ՈՌՈԳՈԻՄՆ ԱՐՏՕՐԷԻՑ ԵԻ ԴԱՇՏԱՑ
Լաւ խելամուտ եղիր, Թոռնիկ, թէ միայն հողը ոչինչ կարէ բուսցնել կամ աճումն տալ եթէ ջուր եւ անձրեւ կոռոգեն զայն, ինքնին ամուլ եւ անբեր կը լինի հողն եթէ ջրոյ եւ անձրեւի զուարթարար զօրութիւն չը միանայ իւր հետ։ Բովանդակ համատարած աշխարհ անձրեւով կոռոգին, բայց կան շատ տեղեր. որ անձրեւով եւ ջրով միանգամ այն կոռոգին։ Սակայն պէտք է գիտնաս, որ անձրեւ եւ ձիւն շատ առաւելութիւն ունին, նախ որ երկնից ամպեր էն իջնալով ամենաբարձր լեռներ, եւ դաշտեր կարող են ի միասին հաւասարապէս ոռոգել, բայց գետնէն բղխած աղբիւրներ վազող վտակներ եւ գետեր՝ միայն հարթ եւ ցած դաշտավայրերը կոռոգեն։ Եւ պէտք է գիտնաս Թոռնիկ, որ գետնի երեսը վազած բովանդակ ջրերու ամենամեծ աւազանը անձրեւէն եւ ձիւնէն կը գոյանայ. իբրեւ շտեմարան կը ժողովի երկրին ծոցը եւ ապա երկրի ծոցէն դուրս կը բղխին աղբիւրներ, վտակներ եւ մեծ գետեր կը կազմեն։ Մերթ եւս առանց երկրին ծոցն իջնալու, գետնի երեսէն սարերէն կը վազեն, ահագին ջրհեղեղ կը յարուցանեն տեղատարափ անձրեւներէն յորգելով։
Այսչափ միայն տեղեկութիւն տալով քեզ. մտացի Թոռնիկ, դու ինքնին մտածելով սովրիր, որ այս երկու տարերքն՝ հողն ու ջուր միանալով բովանդակ բուսական բիւր տեսակ աննման զաւակներ կը ծնին ու կը սնուցանեն։
Եթէ համարինք, որ հողն իբրեւ մայրենի արգանդ սերմեր կընդունի, յարմար է եթէ ջուրն եւս համարինք իբրեւ հայր, որ կարբուցանէ եւ կը բեղմնաւորէ հողին արգանդ, որով կը ծնին այնչափ անհուն անհամար բուսականը։ Սկսիմ արդ ցանուած ջրարբի արտերուն վերայ խօսել, թէ որչափ խնամով պէտք է պատրաստել արտը, որ դիւրին ջրուի եւ լիապէս ջուր խմէ։ Գարնան անձրեւակարգն անցնելէն յետոյ, բնական է կսկսին ջրարբի արտեր ծարաւել եւ սորա նշանն է, երբ մութ կանաչ գոյն կստանան. էն ժամանակ պէտք է գիտնաս որ սաստիկ