Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/63

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կստանայ, սորա համար է, որ դիպեցիք արտը երկու տարի երեք տարի կորդ կը թողուն որ հողն ուժովնայ, այլ չգիտեն թէ ինչո՞վ է որ կուժովնայ։ Այո՜ խոտարոյսերն են, որ ոյժ կուտան արտին։ Դու չես զարմանար, Թոռնիկ, մեր ցանած հատաբոյսեր, յայտնի է որ հողին ոյժը կաոնուն իսկ հողին ինքնաբոյսերն փոխանակ առնելու ուժ կուտան։

Այսպէս նաեւ այս ինքնաբոյս խոտերուն հետ՝ ջուրն եւս իւր առանձին յատկութիւններ ունի ոյժ տալու, վասն զի իւր մէջ ով գիտէ ինչ պարարտացուցիչ հիւթեր կը պարունակէ։ Գիտե՜մ Թոռնիկ, դու հետաքրքիր կը լինիս հողին եւ ջրին բնական յատկութիւններ իմանալ բայց մտածէ որ Պապիկդ շինական է, համալսարանէն չի գար, որ իբրեւ բնագէտ ամէն բան բացատրէ քեզ։ Պէտք է, բաւական համարես պարզ դասերս։

Երկրագործութեան համար ջուրին պէտք շատ մեծ է եւ շատ բախտաւոր է այն գիւղ, որ առատաբուղխ աղբիւրներ եւ գետակներ ունի, յայտնի է, որ այն գիւղի արդիւնագործութիւն կրկնապատիկ կը լինի։ Բայց այն դիպեր, որոց բնական աղբիւրներ նուազ են, կամ թէ ունեն գետեր եւ գետակներ, որք բարձրէն կուգան դաշտերու մէջէն անցնելով կերթան կը թափին ծովակներու մէջ, եւ կամ մեծ գետերուն կը խառնուին. ոչինչ օգուտ չեն ընծայեր խոտաբոյս դաշտերուն եւ մշակեալ արտերուն։

Ահա քեզ օրինակ մի տամ Թոռնիկ, որ աչքիդ առաջն է, մեր Արճակ եւ Խարակոնիս գիւղի միջավայրէն մի գետ կանցնի, գրեթէ գարնան սկիզբէն մինչեւ երկու ամիսէն աւելի այդ գետին ջուր ընդունայն կերթայ, կը թափի մօտ եղած ծովակ, ոչ մեք եւ ոչ յիջեալ գիւղի մարդիկ չենք մտածեր այդ գետի ջրէն օգուտ քաղել, վերի կողմերում արուեստական փոքր փոքր լճակներ կազմել, եւ դորա համար որչափ բնական յարմարագոյն տեղեր ունիմք, որոց դիրք փոս եւ ծոցաւոր է, բաւական է որ շրջապատ հողէ թումբեր քաշուին, եւ միայն ջրանցի բերան քարուկիրէ մի ակն շինել եւ գարնան միջոցին գետի ջուրը մէջ թող տալով պահել մինչեւ արտօրէից ջրելու ժամանակ։ Մեր նախնիք մեղմ է աւելի խելացի, աշխատասէր եւ հոգացող միտք ունեցեք են, ժամանակին այդպիսի լճակներ շինած են, որոց աւերակներու տեղեր այժմ կերեւին եւ մեք երբէք հոգատարութիւն չունիմք, գոնէ նորոգել աւերակ լճակներ։ Վանայ