Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/62

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծարաւած են ջուր կուզեն։ Եթէ ջուրդ առատ է, պէտք է երկու աւելի ջրկալ բռնես եւ ջուրը բաշխես ուրիշ ծարաւած արտերուն վերայ, պէտք է լաւ հսկես ջրկալ բանւորներու վերայ, որ խնամով ջրեն արտ, հաւասարապէս ջուրն արտին ամէն մասերը պէտք է շօշափէ, չը թողուն որ տեղ մի չոր ու ցամաք մնայ, կամ տեղ մի աւելի ժողովելով ջուրը լճանայ, զի այդ եւս վնաս է բոյսերուն։ Վնաս է նաեւ որ թողվի ջուրեր արտի վարի կողմերէն ողողելով դուրս վազեն, այնպէս որ արտին երեսի հողերը դուրս քշեն եւ բոյսերու արմատներ բանան, ո՜հ, բոյսերն էն ժամանակ արմատահան լինելով կը խլուին մայրենի ծոցէն եւ հետեւապէս կը թօշնին եւ կը չորնան։

Մեր Արճակ գիւղի արտեր բնականապէս պատրաստուած են առանց աշխատութեան, այնչափ հաւասար եւ դուրան են որ մի ջրկալ մի ջաղացի ջուր կապելով արտին վերայ, կարող է կառավարել եւ մի աւուր մէջ մի քիլա տեղ կը ջրէ, եւ այնչափ դիւրութիւն ունի որ գիշերն եւս կարող է աշխատիլ: Միայն արտին հաւասարութիւն բաւական չէ, կարեւոր է նաեւ արտին դիրքին, յարմար կորիներ քաշել ջրադարձի թուփեր կապել, որով ջրկալին աշխատութիւնն՝ առաւել եւս կը դիւրանայ։

Չգիտեմ, Թոռնիկ, տեսար եւ դիտեցի՞ր Վարագայ վանից արտեր թէ ջրելու ժամանակ ո՞րչափ դժուարութիւն ունին, եւ որչափ օրավարձք կառնեն ջրկալներ, դորա պատճառ գիտե՞ս, նախ որ մեծ մասամբ արտերը անհաւասար եւ դարուվար են, երկրորդ առանց կորի քաշելու կը ջրեն, երրորդ կասեն հող տրորան է ջուր չի բռնիլ եւայլն։ Այս ամէն թէ պատճառանք են եւ թէ նախապաշարմունք, աւելի մեծ պատճառը չմտածել եւ աշխատութիւն չը սիրելն է, վասն զի զառիվար եւ ջրատար արտեր, տակաւ տակաւ պարզ աշխատութեամբ կարելի է այնպէս կարգադրել, որ երբէք այդ դժուարութիւններ չունենալ որոց վերայ առանձին պիտի խօսիմ։

Երկրագործ երբ աւելի առատ ջուր ունի, նա պէտք է ոչ միայն ցանուած արտերուն ջուրը հոգայ, այլ շատ օգտակար է նաեւ եթէ խոտավայրեր եւ խոզան արտերն եւս ջրէ, որ կրկնակի օգուտ ունի, թէ առատ՝ ինքնաբոյս խոտերով անասնոց արօտ կը մատակարարէ, եւ թէ արտին զի իւր խոտաբոյսերով ինքն սնունդ կառնու, թէ խոտի թափուած տերեւներէն որ կը փտտի աղբ կը լինի, եւ թէ նոյն իսկ խոտի արմտաներէն ոյժ